Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Աքքար, ուր կատարեց կարգ մը փողոցներու բացումը. այդ փողոցներն են` Պըրժ Տպեպիէ, Սայիտաթ Քալաա, Խըրպեթ Ռըմման, Պըրժ Շատրա, Հնայտեր, Քֆարնուն:
Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան հիւսիսային Լիբանանի կարգ մը քաղաքապետներ, թաղապետներ, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ:
Այս փողոցները, որոնք կը դիւրացնեն քաղաքացիներու երթեւեկը, իրարու կը կապեն նաեւ սահմանային զինուորական կեդրոններ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են սահմանապահ ուժերու Ա. վաշտին:
Զօր. Աուն այցելեց նաեւ վերոնշեալ զինուորական կեդրոնները եւ հանդիպումներ ունեցաւ բանակայիններուն հետ` անոնցմէ իմանալով իրենց գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոնցմէ իմացաւ սահմանները պաշտպանելու եւ մաքսանենգումը արգիլելու իմաստով անոնց որդեգրած միջոցները:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ անոնց դերակատարութիւնը հիմնական է այդ շրջանին մէջ` աւելցնելով, որ այն պետութիւնը, որ իր սահմանները չի պաշտպաներ, ենթակայ կ՛ըլլայ ամէն տեսակի յարձակումներու եւ ոտնձգութիւններու:
«Մեր սահմանները մեր պատիւն են եւ անոնք այսօր հակակշիռի տակ են` ձեր զոհողութիւններուն եւ ձեզմէ պահանջուած գործողութիւնները կատարելու շնորհիւ: Դուք ձեր հզօր կամքով, հայրենասիրութեամբ եւ արդար դատին համոզումով է, որ կը պաշտպանէք երկիրն ու սահմանները, որովհետեւ հերոսներ էք: Ձեր պարտականութիւնները սուրբ են եւ անհրաժեշտ, որովհետեւ անոնք են, որոնք կը պաշտպանեն Լիբանանն ու լիբանանցիները: Այս վաշտի ստեղծումէն առաջ Լիբանանի սահմանները հակակշիռի տակ չէին գտնուեր, կը ծառայէին թմրեցուցիչի եւ զէնքի ու զինամթերքի մաքսանենգումի, իսկ եթէ այդպէս շարունակուէր, ապա Լիբանան գոյութիւն կրնար չունենալ այսօր», յայտնեց ան:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, թէ լիբանանեան բանակի սահմանապահ ուժերու Ա. վաշտը պահպանեց երկիրը: «Մենք եւ Լիբանան հպարտ ենք ձեզմով, լիբանանցիները կը վստահին ձեզի, եւ կը յուսանք, որ յառաջիկայ օրերը աւելի լաւ ըլլան բոլորին համար», ըսաւ ան:
Բանակի հրամանատարը ընդգծեց, որ հրամանատարութիւնը քաջ գիտէ բանակայիններուն դիմագրաւած տնտեսական վատ պայմաններուն եւ նիւթական դժուարութիւններուն մասին: Ան նշեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի կարենայ բանակայիններուն ապահովել անհրաժեշտ կարիքները, ինչպէս` բժշկական խնամքն ու փոխադրութիւնը:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց անոնց յաւելեալ համբերութեամբ զինուելու եւ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը, որովհետեւ առանց ապահովութեան հայրենիքը կարելի չէ պահել, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարթօնք ապահովել:
Զօր. Աուն այցելեց նաեւ Շատրայի մէջ գտնուող բանակի զօրանոցը, ուր շեշտեց, որ բանակը կը գործէ իր երդումին համաձայն` առանց կուսակցական, կրօնական կամ յարանուանական միջամտութիւններու կամ նկատառումներու:
«Բանակը կը գործադրէ քաղաքական իշխանութեան որոշումները, որոնք կը պաշտպանեն երկրին գերագոյն շահերը, իսկ այս իմաստով ոչ ոք կրնայ մեր պատրաստակամութիւնը յաւելաբանութեան ենթարկել: Լիբանան այլեւս չի կրնար յաւելեալ ծանրութիւն հանդուրժել, հայրենիքի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր քաղաքացի պատասխանատու է` նկատի ունենալով Լիբանանին սպառնացող վտանգը», եզրափակեց ան:


