ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը դատապարտեց Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումները եւ զգուշացուց իսրայէլեան մագլցումներու վտանգէն, ինչպէս նաեւ իսլամական եւ քրիստոնէական սրբավայրերուն դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններէն: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց զինադուլ յայտարարելու իմաստով որդեգրուելիք միջազգային արագ միջամտութեան:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենց փափաքն է, որ Սուրիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներու իրավիճակը բարելաւուի` աւելցնելով, որ խորհրդարանը կառավարութենէն պիտի պահանջէ Պրիւքսելի մէջ տեղահանուածներու միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին իր յստակ կեցուածքը արտայայտել այս թղթածրարին մասին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպ կոչ ուղղեց կեդրոնանալու 15 յունիս 2023-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին վրայ, որ ուղղակիօրէն կապուած է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին: Ան նկատել տուաւ, որ այդ խորհրդաժողովին պիտի հնչեն տեղահանուածներուն ճշգրիտ թիւերը` աւելցնելով, որ ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կ՛արդարացնէ տեղահանուածներու ճշգրիտ թիւերը լիբանանեան պետութեան չփոխանցելու արարքը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ շեշտեց, որ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի, իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ բաց է եւ համոզուած` միջքրիստոնէական համաձայնութիւն մը գոյացնելու անհրաժեշտութեամբ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իհապ Մաթար յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ազգային եւ համայնքային հարց է, եւ անհրաժեշտ է, որ անիկա ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ կարգ մը լիբանանցի քաղաքական գործիչներ կը փափաքին հայրենիքին հաշուոյն իրենք իրենց անձին համար յաղթանակ արձանագրել:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով իրենք կառչած կը մնան իրենց անկախ որոշումին եւ ընտրանքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն եւ անձնաւորութիւններուն հետ ունեցած իր հանդիպումներու շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի եւ երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մեսիհի հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Անֆէ-Քուրա շրջանին մէջ ձերբակալեց անհատ մը, որ քաղաքացիի մը դէմ կրակած էր ու սպաննած զայն: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապի լուծման սկիզբը կարելի է ապահովել, երբ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի տարազէն կամ նախագահական դատարկութեան փուլէն կարելի կ՛ըլլայ անցնիլ համախոհական անունի մը շուրջ գոյանալիք համաձայնութեան:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիվ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա ուղղակի երկխօսութեան սկսած է Հըզպալլայի հետ եւ սկսած է անոր հետ քննարկել Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը:


