Անցեալ շաբաթավերջին անծանօթներ Տէյր Ահմարի մէջ սրբապղծեցին գերեզմանատունը եւ քանդեցին անոր խաչերը:
Շրջանի քաղաքական ուժերը, հոգեւոր հեղինակութիւնները, քաղաքապետութիւնը, թաղապետներն ու Պաալպեք-Հերմելի մէջ գործող ընկերային բոլոր կազմակերպութիւնները խստիւ դատապարտեցին Տէյր Ահմարի գերեզմանատան սրբապղծումը:
Պաալպեքի նահանգապետ Պաշիր Խտըր կոչ ուղղեց շրջանի բնակչութեան բարձր աստիճանի ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ սպասելու այդ դէպքին վերաբերեալ բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն:
Խտըր հաստատեց, որ ինք ապահովական կառոյցներուն հետ կը հետեւի այդ դէպքին հետաքննութեան` ընդգծելով, որ ինք վստահ է, թէ ապահովութեան ուժերը պիտի կարենան ձերբակալել յանցագործները:
Միւս կողմէ, Տէյր Ահմարի քաղաքապետ Լաթիֆ Քազահ յայտնեց, որ քաղաքապետարանը ոստիկանատան մէջ անծանօթի դէմ բողոք մը ներկայացուցած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը, Ներքին ապահովութեան ուժերն ու ապահովական կառոյցները սկսած են իրենց հետաքննութեան` բացայայտելու համար յանցագործները:
Քազահ շեշտեց, որ իրենք կը սպասեն հետաքննութեան արդիւնքներուն եւ առանց անոնց այս կամ այն կողմին հասցէին ամբաստանութիւններ պիտի չկատարեն:
Քազահ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Տէյր Ահմարի բնակիչներուն եւ հեղինակութիւններուն` հաստատելով, որ Պաալպեք-Հերմելի բոլոր գիւղաքաղաքներուն եւ իրենց միջեւ ազգային համակեցութիւն եւ համերաշխութիւն գոյութիւն ունի:


