Լիբանանեան

Լիբանան Կը Գտնուի Ելեւմտական  Եւ Տնտեսական Նոր Փուլի Մը Սեմին

Լիբանան Կը Գտնուի Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Նոր Փուլի Մը Սեմին

Լիբանան այս շաբաթը կը սկսի հրաժեշտ տալով 30 տարի պաշտօնավարած Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի նստաշրջանին: Վաղը նոր օր է Լիբանանի համար, յատկապէս ելեւմտական եւ տնտեսական նոր փուլ մը թեւակոխելու իմաստով: Նոր է, բայց նոյնքան անորոշ է, որքան երկրին ներկան ու ապագան: Այս շրջագիծին մէջ, Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի...

Մամլոյ Արձակուրդ

Աշուրայի սգատօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 29 յուլիս 2023-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 31 յուլիսին:

Ֆրանսական Դեսպանատան Մէջ Հանդիպում.   Յ. Բագրատունի. «Երկխօսութիւն Չկատարելու  Պարագային Երկիրը Պիտի Առաջնորդուի Դէպի  Բախում Եւ Քայքայում»

Ֆրանսական Դեսպանատան Մէջ Հանդիպում. Յ. Բագրատունի. «Երկխօսութիւն Չկատարելու Պարագային Երկիրը Պիտի Առաջնորդուի Դէպի Բախում Եւ Քայքայում»

Լը Տըրիան. «Սեպտեմբերի Խորհրդակցութիւնները Նախագահի Ընտրութեան Վերջին Առիթը Կը Նկատուին» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկիրը յուզող քաղաքական տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ Լը Տըրիան ներկայացուց Լիբանանի...

Լը Տըրիան Աւարտեց Լիբանան Կատարած  Իր Երկօրեայ Այցելութիւնը

Լը Տըրիան Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Երկօրեայ Այցելութիւնը

Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ աւարտեց Պէյրութ կատարած իր երկօրեայ հանդիպումները` 48 ժամուան ընթացքին Այն Թինէ կատարած երկրորդ այցելութենէն ետք: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր: Լը Տըրիան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու, իսկ Պըրրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին...

Ռիատ Սալամէ. «31 Յուլիսին Կ՛աւարտի  Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարման Նստաշրջանս»

Ռիատ Սալամէ. «31 Յուլիսին Կ՛աւարտի Կեդրոնական Դրամատան Կառավարման Նստաշրջանս»

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ նախանցեալ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք տարի մը առաջ արդէն իսկ յայտարարած է, թէ Կեդրոնական դրամատան կառավարման իմաստով իր վերջին նստաշրջանին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ քանի մը օր ետք ինք իր կեանքէն էջ մը պիտի փակէ: Սալամէ նկատել տուաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը 27 տարուան ընթացքին նպաստած է երկրին կայունութեան եւ տնտեսութեան բարգաւաճման:...

«Հանրապետութեան Նախագահին  Ընտրութեան Կողքին,  Պէտք Է Ճշդել Նաեւ Վարչապետն Ու  Կառավարութեան Կազմը»  Կը Հաստատէ Ա. Ասիրի

«Հանրապետութեան Նախագահին Ընտրութեան Կողքին, Պէտք Է Ճշդել Նաեւ Վարչապետն Ու Կառավարութեան Կազմը» Կը Հաստատէ Ա. Ասիրի

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նախկին դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Տոհայի մէջ գումարուած հնգակողմանի ժողովը յստակ էր` այն իմաստով, որ Լիբանանի խորհրդարանն է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու պատասխանատուն` սահմանադրութեան ճշդած շրջագիծին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ հինգերու այս ժողովէն ետք շօշափելի է, թէ յամառութեան աստիճանը հետզհետէ կը նուազի, ներկայ ջանքերը տարբեր են անցեալէն, իսկ Լիբանանի համար...

Պուխարի. «Սէուտական Արաբիա Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածուներուն Առումով  Միջամուխ Չի Դառնար»

Պուխարի. «Սէուտական Արաբիա Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածուներուն Առումով Միջամուխ Չի Դառնար»

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Եարզէի իր բնակարանին մէջ մեծարանքի երեկոյ մը կազմակերպեց ի պատիւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պուխարի նշեց, որ Լիբանանի` պետութեան, հաստատութիւններուն եւ լիբանանցիներուն զօրակցութեան իմաստով Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը հաստատուն է: «Սէուտական Արաբիա նախանձախնդիր կը մնայ այս իմաստով եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հնգակողմանի հանդիպումի...

Դեսպան Աթաբէկեան Պու Հապիպէն Կը Պահանջէ  Վերահաստատել Լիբանանի Զօրակցական  Կեցուածքը` Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու

Դեսպան Աթաբէկեան Պու Հապիպէն Կը Պահանջէ Վերահաստատել Լիբանանի Զօրակցական Կեցուածքը` Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Աթաբէկեան Պու Հապիպէն պահանջեց վերահաստատել Լիբանանի զօրակցական կեցուածքը` Լաչինի միջանցքը վերաբանալու: Իր կարգին, Պու Հապիպ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային եւ առողջապահական տագնապին, առեւտուրի արգելակումին, ինչպէս նաեւ ապրուստի ճնշող պայմաններուն արձանագրած վատթարացումին մասին,...

Լը Տըրիան Իր Հանդիպումները Կը Շարունակէ  Այսօր, Իսկ Պոյքոթը Կը Սպառնայ  Կառավարութեան Ժողովի Օրինաթիւին

Լը Տըրիան Իր Հանդիպումները Կը Շարունակէ Այսօր, Իսկ Պոյքոթը Կը Սպառնայ Կառավարութեան Ժողովի Օրինաթիւին

Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան, որ Պէյրութ վերադարձած է երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու, յատկապէս` նախագահական ընտրութիւնը դիւրացնելու առաքելութեամբ, երէկ առաւօտեան այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Աւելի ուշ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ Լը Տըրիանի եւ Պասիլի միջեւ հանդիպումը եղած է դրական:...

Պըրրի. «Ամբողջ Լիբանանը  Վտանգի Ենթակայ Է»

Պըրրի. «Ամբողջ Լիբանանը Վտանգի Ենթակայ Է»

Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ յետմիջօրէին ժամանեց Պէյրութ: Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Լը Տըրիան հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ: Երեկոյեան ժամը 5:30-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լը Տըրիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական տագնապը լուծելու միջոցները: Ներկայ գտնուեցաւ Լը Տըրիանին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի...

Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ  Քննարկեց Ապահովութեան  Խորհուրդին Կողմէ Լիբանանին  Կատարուած Թելադրանքները

Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Ապահովութեան Խորհուրդին Կողմէ Լիբանանին Կատարուած Թելադրանքները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդի անցեալ շաբթուան նիստին արդիւնքները, որոնց շրջագիծին մէջ Ապահովութեան խորհուրդին մաս կազմող երկիրները փափաք յայտնեցին, որ Լիբանան տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումները գործադրէ` սկսելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն, նախագահական ընտրութիւն կատարէ, ինչպէս նաեւ հսկէ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան:...

«Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները  Ներկայացուցին Ելեւմտական  Նոր Քաղաքականութեամբ  Մը Գործելու  Անհրաժեշտութիւնը»  Շեշտեց Ատուան

«Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները Ներկայացուցին Ելեւմտական Նոր Քաղաքականութեամբ Մը Գործելու Անհրաժեշտութիւնը» Շեշտեց Ատուան

Արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որմէ ետք հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան չորս փոխկառավարիչներուն հետ յանձնախումբին ունեցած քանի մը հանդիպումներէն կարելի եղած է եզրակացնել, որ կառավարութիւնը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնին դատարկութեան մատնուելու առումով ոչ մէկ աշխատանք տարած է, այլ վարուած է այնպէս մը,...

Տիմանի Մէջ.   Ռայի Պատրիարքը Քանաանի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Ազգային Եւ Ելեւմտական Հարցեր

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Քանաանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Ազգային Եւ Ելեւմտական Հարցեր

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկեց երկիրը յուզող շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Տիման այցելութիւնը տարեկան աւանդական այցելութիւն է, սակայն այսօր անիկա կը կատարուի արտակարգ պայմաններու ընթացքին: Քանաան ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է ազգային...

Ռաատ. «Իսրայէլ Իր Վատագոյն  Օրերը Կ՛ապրի,  Եւ Որեւէ Պատերազմ Անոր Համար  Շատ Սուղ Պիտի Ըլլայ»

Ռաատ. «Իսրայէլ Իր Վատագոյն Օրերը Կ՛ապրի, Եւ Որեւէ Պատերազմ Անոր Համար Շատ Սուղ Պիտի Ըլլայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Աշուրայի սգատօնին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլ կը վախնայ պատերազմէն եւ կը յայտարարէ, որ ինք կը մերժէ պատերազմը, որովհետեւ անիկա շատ սուղ պիտի ըլլայ: Ռաատ հաստատեց, որ Իսրայէլ իր վատագոյն օրերը կ՛ապրի, եւ որեւէ պատերազմ սանձազերծելու մասին մտածելու պարագային ան շատ սուղ պիտի վճարէ այդ պատերազմին գինը: Ռաատ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 22.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 22.000 լ. ոսկիով, մազութը` 34.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 20.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է...

Միքաթի Նախագահեց Կառավարութեան Նիստին  Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Կեդրոնական Դրամատան  Փոխկառավարիչներուն Հետ

Միքաթի Նախագահեց Կառավարութեան Նիստին Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչներուն Հետ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին հարցը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ իրենց դիմաց կան 48 զգայուն ժամեր` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը չէ քննարկած Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնը: Ան նշեց, որ փոխկառավարիչները պահանջած են հովանաւորութիւն ապահովել կառավարութեան դրամ...

Լը Տըրիան Այսօր  Պիտի Վերադառնայ Պէյրութ

Լը Տըրիան Այսօր Պիտի Վերադառնայ Պէյրութ

Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան այսօր երեկոյեան պիտի վերադառնայ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներուն եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Կը նախատեսուի, որ Լը Տըրիանի կատարելիք հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները երկօրեայ տեւողութիւն ունենան: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւններուն, Տոհայի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմանի երկրորդ հանդիպումին...

Մաուլաուի. «Լիբանանցիները Կառչած  Պէտք Է Մնան Թաէֆի Համաձայնագիրին,  Որ Կը Հաստատէ Լիբանանեան Գոյացութեան  Վերջնական Ըլլալը»

Մաուլաուի. «Լիբանան Պիտի Չըլլայ Ծոցի Երկիրներուն Ապահովութիւնը Թիրախ Դարձնող Մարտկոցը»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախարարութիւնը ստանձնելէ ի վեր իրենց նպատակը եղած է լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն ապահովութիւնը վտանգի ենթարկելու քայլերը արգիլելը: «Լիբանան պէտք է պատասխանատուութեամբ վարուի եւ Ծոցի երկիրներուն նուիրուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը փոխադարձէ: Հետեւաբար նախարարութիւնը առաջին իսկ օրէն...

Ֆայեատ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Ստորագրեց Լիբանանին Նաւթ Հայթայթելու  Փոխըմբռնումի Յուշագիր

Ֆայեատ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Ստորագրեց Լիբանանին Նաւթ Հայթայթելու Փոխըմբռնումի Յուշագիր

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ անցեալ շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Իրաք, ուր իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Հայեան Ապտել Ղանիի հետ ստորագրեց Լիբանանին նաւթի հայթայթելու փոխըմբռնումի յուշագիր մը: Յուշագիրի ստորագրութեան ներկայ գտնուեցաւ Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հապհապ եւ Իրաքի ուժանիւթի նախարարութեան պատասխանատուները: Լիբանանի ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ այս քայլը շարունակութիւնն է իրաքցի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութիւններու...

Պայսարի. «Հպարտ Ենք, Որ Մեր Բոլոր  Պարտականութիւնները Կը Կատարենք,  Հակառակ Տիրող Դժուար Կացութեան»

Պայսարի. «Հպարտ Ենք, Որ Մեր Բոլոր Պարտականութիւնները Կը Կատարենք, Հակառակ Տիրող Դժուար Կացութեան»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի վարչութիւնը: Քսսայֆի դրուատեց Պայսարիի ստանձնած պատասխանատուութիւնը` Լիբանանի դիմագրաւած այս ծանր պայմաններուն ընթացքին: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն թղթածրարները, որոնք լիբանանցիներուն համար գոյութենական հարց են եւ սպառնալիք: Այդ հարցերէն է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որուն հիմնական ընդդիմացողը ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնն...

Page 257 of 987 1 … 256 257 258 … 987

Արխիւներ