Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին հարցը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ իրենց դիմաց կան 48 զգայուն ժամեր` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը չէ քննարկած Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնը:
Ան նշեց, որ փոխկառավարիչները պահանջած են հովանաւորութիւն ապահովել կառավարութեան դրամ հայթայթելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերը ապահովել:
Մքերի շեշտեց, որ նախարարները պահանջեցին Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչ մը նշանակել:
Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը երկար ժամանակ չտրամադրեց 2023-ի պետական ամավարկը քննարկելու` աւելցնելով, որ պետական ամավարկին առումով իրերայաջորդ նիստեր պիտի գումարուին, եւ նախարարները առիթ պիտի ունենան ամավարկին մասին իրենց առաջարկներն ու դիտողութիւնները կատարելու:
Միւս կողմէ, Միքաթի կէսօրին հանդիպում մը ունեցած էր Կեդրոնական դրամատան չորս փոխկառավարիչներուն` Ուասիմ Մանսուրիի, Պաշիր Եաքզանի, Սելիմ Շահինի եւ Ալեքսանտր Մուրատեանի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ:
Ըստ մեկնաբանութեանց, հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է:
Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Կրիօ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ Միքաթի նախանցեալ օր Իտալիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու միջոցները:


