Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ յետմիջօրէին ժամանեց Պէյրութ:
Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Լը Տըրիան հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:
Երեկոյեան ժամը 5:30-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լը Տըրիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական տագնապը լուծելու միջոցները:
Ներկայ գտնուեցաւ Լը Տըրիանին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն:
Երեք քառորդ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Լը Տըրիան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Պըրրի իր կարգին շեշտեց, որ հանդիպումը դրական էր, եւ կարելի է ըսել, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը կեանքի կոչելու նշոյլ մը արձանագրուած է:
Միւս կողմէ, «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ամբողջ Լիբանանը վտանգի ենթակայ է, եթէ մինչեւ տարեվերջ կարելի չըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել:
Պըրրի յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:
Պըրրի. «Անհրաժեշտ Է, Որ Կառավարութիւնը Գումարէ Նիստ Մը`
Ճշդելու Համար Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը»
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող քաղաքական հարցերը, որոնց շարքին` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի հարցը:
Պըրրի շեշտեց Միքաթիին, որ անհրաժեշտ է, որ կառավարութիւնը գումարէ նիստ մը` ճշդելու համար Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ:
ՆՇԵՆՔ, որ Միքաթի երեկոյեան կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 27 յուլիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, քննարկելու համար երկրին ելեւմտական իրավիճակը, յատկապէս` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի աւարտելուն լոյսին տակ:
Այս առնչութեամբ Պըրրի երեկոյեան իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաղուան իր նիստին ընթացքին Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչ պիտի նշանակէ:

