Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Գտնուի Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Նոր Փուլի Մը Սեմին

Յուլիս 31, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան այս շաբաթը կը սկսի հրաժեշտ տալով 30 տարի պաշտօնավարած Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի նստաշրջանին:

Վաղը նոր օր է Լիբանանի համար, յատկապէս ելեւմտական եւ տնտեսական նոր փուլ մը թեւակոխելու իմաստով: Նոր է, բայց նոյնքան անորոշ է, որքան երկրին ներկան ու ապագան:

Այս շրջագիծին մէջ, Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ իր կեցուածքը` իր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, թէ այդ պաշտօնէն հրաժարելու մասին:

Այս իմաստով շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները վերջին 48 ժամուան ընթացքին հաղորդեցին, որ Մանսուրի կ՛ուղղուի ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը:

Քաղաքական առումով նախագահական ընտրութեան թնճուկը տակաւին կը մնայ ամուր, իսկ Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի այցելութիւնը այս թնճուկը հանգուցալուծելու իմաստով մեծ յոյսեր չի ներշնչեր:

Այս մթնոլորտին լոյսին տակ, կառավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը` շարունակելու համար 2023-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ամբողջ շաբաթավերջին ընթացքին ներկայ գտնուեցաւ տարբեր շրջաններու մէջ կուսակցութեան կազմակերպած ընթրիքի երեկոներուն, որոնց ընթացքին կատարեց յայտարարութիւններ:

Այս շրջագիծին մէջ Շուֆի Տէյր Տուրիթ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին ընթացքին Պասիլ ընդգծեց, որ նախագահական յառաջիկայ նստաշրջանին առաջնահեթութիւններէն պէտք է ըլլայ Լիբանանի վարչակարգի արդիականացումն ու զարգացումը` սկսելով Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու սկզբունքէն:

Ան նշեց, որ իրենք պատրաստ են լիբանանեան քաղաքական որեւէ ուժի հետ երկխօսութիւն կատարելու եւ փարատելու իւրաքանչիւրին մտավախութիւնները:

Պասիլ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն, որ հանրապետութեան նախագահ մը պարտադրուի իրենց` աւելցնելով սակայն, որ ապակեդրոնացեալ դրութեան իրագործումին համար կ՛արժէ հանրապետութեան նախագահի անուան շուրջ զիջում կատարել, պայմանով որ ապակեդրոնացեալ դրութեան անմիջական գործադրութեան օրէնքը տեղւոյն վրայ վաւերացուի:

Մեթնի մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին ընթացքին Պասիլ ըսաւ. «Մեզի շնորհեցէ՛ք վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ ընդարձակ դրութիւնը եւ բարեկարգումի ծրագիրը, ու անոր փոխարէն մեզմէ ստացէք յաջորդ վեց տարուան մեծագոյն զոհողութիւնը»:

Նշենք, որ Պասիլ, ընկերակցութեամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի, շաբաթ երեկոյեան այցելեց Պաթրունի Պեշթուտար գիւղաքաղաքի բանակավայրը:

Բանակավայրէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պասիլ շեշտեց, որ իրենք պատիւ կը զգան, որ այսօր իսկական պայքար կը մղեն` վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը իրագործելու համար:

«Ինչպէս որ կրցանք գործակցութիւնը ապահովել` ընտրական օրէնքով, կառավարութիւններով եւ հանրապետութեան նախագահութեամբ, այս անգամ լիբանանցիներուն պիտի ապահովենք նաեւ  վարչական ապակեդրոնացման ընդարձակ դրութիւնը», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը 33 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի, սակայն ոչ ոք կը փափաքի ապակեդրոնացեալ դրութիւնը գործադրել: «Իսկ երբ խօսեցանք զիջումի մասին, մենք ակնարկեցինք նախագահի անուան եւ ոչ թէ հանրապետութեան նախագահութեան ու անոր իրաւասութիւններուն», շեշտեց ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան ժամանակաշրջանը Ազգային ազատ հոսանքին համար հպարտութիւն է, որովհետեւ ան սուղ վճարեց փտածութեան դէմ պայքարի գինը:

Պասիլ հաստատեց, որ լիբանանցիներուն այսօրուան տառապանքով կ՛ապրին նաեւ իրենք, որովհետեւ Լիբանանին կ՛իշխէ փտած համակարգ մը, որ կառչած կը մնայ ելեւմտական իր քաղաքականութեան: Ան աւելցուց, որ իրենք պատիւ կը զգան դրամատուներուն մէջ գումար ունեցող լիբանանցիներու իրաւունքներուն կռիւը մղելու նկատմամբ իրենց ունեցած կառչածութեամբ, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ, թէ իրենք Լիբանանի գերագոյն շահերուն մասին կը մտածեն:

Իր կարգին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 29 յուլիսին արտասանեց Աշուրայի օրուան եզրափակիչ ճառը, որուն ընթացքին    կոչ ուղղեց կառավարութեան ստանձնելու ժողովուրդին հանդէպ իր պատասխանատուութիւնները` ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց խորհրդարանին կողմէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարեւորութիւնը, յատկապէս անհրաժեշտ օրէնսդրութիւն կատարելու առումով:

Ան նկատել տուաւ, որ սկսած երկկողմանի երկխօսութիւնները լուրջ են եւ անոնք կրնան նախագահական ընտրութեան իմաստով հորիզոնները բանալ: «Այս իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի մեր կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ արդիւնքի մը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ սակայն, որ հակառակ թափուած բոլոր ճիգերուն, տակաւին կան կարգ մը քաղաքական ուժեր, որոնք կը մերժեն երկխօսութիւնը:

Անդրադառնալով թշնամի Իսրայէլին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանան կը մնայ բռնագրաւուած երկիր: «Իսրայէլն է, որ միշտ ոտնձգութիւններ կը կատարէ, բռնագրաւուած կը պահէ Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքները եւ դարձեալ բռնագրաւած է Ղաժարի մէկ բաժինը, ու կը խօսի ընդվզումներ պատճառելու մասին: Ո՛վ սիոնականներ, զգուշացէ՛ք որեւէ անխոհեմութենէ կամ սխալ ընտրանքի դիմելէ, որովհետեւ Դիմադրութիւնը պիտի չխնայէ եւ իր պատասխանատուութիւններուն տէրը պիտի մնայ` ձեր յարձակումը հակակշռելու, լիբանանեան հողերը վերստին ազատագրելու եւ ձեր գործելիք անխոհեմութեան դիմաց լուռ չմնալու իմաստով: Դիմադրութիւնը պատրաստ է իր առաքելութեան` դիմադրելու որեւէ սխալի, եւ իր պարանոցը պիտի չխոնարհեցնէ ցնցում ապրող սիոնական գոյացութեան դիմաց», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Միւս կողմէ, նախանցեալ օր եւ երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցան զինեալ բախումներ Ֆաթհ շարժումին եւ իսլամական շարժումներու միջեւ: «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Ֆաթհ շարժումի դերգնդապետ, Ազգային անվտանգութեան պատասխանատու Ապու Աշրաֆ Արմուշին եւ անոր չորս թիկնապահները սպաննուած են, երբ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ Արմուշիի դէմ լարուած թակարդի մէջ ինկած են: Երէկ երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ սպաննուածներուն թիւը հասած է 6-ի: Շաբաթ երեկոյէն սկսեալ գաղթակայանէն տեղահանման շարժում մը կ՛արձանագրուի: Լիբանանեան բանակը հաղորդեց, որ իր զինուորներէն մէկը սխալմամբ վիրաւորուած է:

 

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումը Աւարտեցաւ Հայութեան «Խրոխտ, Խիզախ Եւ Միշտ Պատրաստ» Կամաւոր Բանակը Մնալու Յանձնառութեամբ

Յաջորդը

Պորել. «Աղտամի Ճամբան Լաչինի Միջանցքի Վերաբացման Այլընտրանք Չէ»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?