Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Սալամէ. «31 Յուլիսին Կ՛աւարտի Կեդրոնական Դրամատան Կառավարման Նստաշրջանս»

July 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ նախանցեալ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք տարի մը առաջ արդէն իսկ յայտարարած է, թէ Կեդրոնական դրամատան կառավարման իմաստով իր վերջին նստաշրջանին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ քանի մը օր ետք ինք իր կեանքէն էջ մը պիտի փակէ:

Սալամէ նկատել տուաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը 27 տարուան ընթացքին նպաստած է երկրին կայունութեան եւ տնտեսութեան բարգաւաճման:

«Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարութեանս ընթացքին տեղական արդիւնաբերութիւնը հասաւ մինչեւ 55 միլիառ տոլարի, դրամատնային մարզի գումարները աւելի քան 170 միլիառ տոլարի հասան, իսկ 31 յուլիսին կ՛աւարտի կառավարման նստաշրջանս, եւ ասիկա վերջնական է», յայտնեց ան:

Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն հետ հարցեր չունի` աւելցնելով, որ անոնց հարցը կապուած է իրենց պահանջներուն, որոնք կը կեդրոնանան պահեստի գումարները օգտագործելու արտօնութեան շուրջ:

Սալամէ նկատել տուաւ, որ ինք օրինազանցութիւն չի կատարեր` աւելցնելով, որ փոխկառավարիչները ոչինչ յայտնած են իր կողմէ օրէնքի խախտումներ կատարելու մասին: «Ես կը գործադրեմ Կեդրոնական դրամատան կեդրոնական խորհուրդէն բխած բոլոր որոշումները», ըսաւ ան:

Սալամէ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարը 14 միլիառ եւ 305 միլիոն տոլար է, բացի` ոսկիի պահեստէն, «իսկ 9 միլիառ եւ 400 միլիոն տոլարի գումար մը կ՛օգտագործուի Լիբանանէն դուրս», յայտնեց ան:

Սալամէ դիտել տուաւ, որ ինք չի փափաքիր կասեցնել «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնական հարթակի դրութիւնը, որովհետեւ անիկա առիթ տուած է, որ Կեդրոնական դրամատունը շուկայի հիմնական սիւներէն մէկուն վերածուի:

Ան շեշտեց, որ «Սայրաֆա»-ի հարթակը նպաստած է տնտեսական բարգաւաճման, իսկ տնտեսական շարժումի իմաստով յունիսը լաւագոյնն է 2013-էն ի վեր:

Սալամէ նկատել տուաւ, որ հաստատութիւնները կը գոյատեւեն հետեւողական աշխատանքի հիման վրայ: Այս շրջագիծին մէջ ան ըսաւ, որ «Սայրաֆա»-ի հարթակին վրայ աշխատած է Մարիան Հուայեքը` աւելցնելով, որ «Սայրաֆա»-ն գործիքակազմ մըն է, որ կրնայ զարգանալ, սակայն կարեւոր է իմանալ այդ ուղղութեամբ Կեդրոնական դրամատան ճշդելիք քաղաքականութիւնը:

«Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարութեանս աւարտէն ետք շուկային մէջ իրարանցում չեմ նախատեսեր, եւ կը մաղթեմ, որ շուկան կայուն պահելու իմաստով ստեղծուած գործիքակազմերը շարունակեն գործել», ըսաւ ան:

Բարեկարգումի քայլերուն եւ ծրագիրներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սալամէ շեշտեց, որ բարեկարգումի լուրջ նախաքայլերը կը սկսին պետութեան կողմէ Կեդրոնական դրամատունէն գումար փոխ առնելու դրութիւնը ջնջելով:

Սալամէ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատունը կատարած է այն, ինչ որ Միջազգային դրամական ֆոնտը պահանջած է իրմէ, անոնց մէջ ըլլալով նաեւ դրամատնային բարեկարգումը, «սակայն ոմանք չեն փափաքիր Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնիլ», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով իրաւական հաշուեքննութեան հարցին` Սալամէ նկատել տուաւ, որ ատիկա Միջազգային դրամական ֆոնտին պահանջը չէ:

Սալամէ նկատել տուաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը կը փափաքի վերստին գոյացնել դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարները եւ այդ պատճառով ալ չէ արտօնած, որ դրամատուները սնանկանան: «Մենք մեր պատասխանատուութիւններէն փախուստ չենք տուած: Ոմանք եուրոպոնտի վճարումները չկատարելը յաղթանակ նկատեցին, իսկ ուրիշներ կը փափաքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը վրաս բեռնցնել: Հարց կու տամ, որ ո՞ւր են պետութիւնը եւ նախարարութիւնները: Արդեօք Ռիատ Սալամէն առանձինն պետութեան պատասխանատո՞ւն է, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութիւն, դեղօրայք եւ մնացեալ ծառայութիւնները ապահովո՞ղը»,  ըսաւ ան:

Սալամէ յայտնեց, որ ինք երկրին տնտեսական քայքայումին պատասխանատուութիւնը չի վերագրեր ուրիշներու` աւելցնելով, որ երկրին իշխանութիւնը շատոնց հրաժարած է իրմէ եւ զայն վերածած քաւութեան նոխազի:

Կը հաստատեմ, որ Կեդրոնական դրամատունը Ռիատ Սալամէի անձով կարելի չէ նոյնացնել` ընդգծելով, որ Կեդրոնական դրամատունը ֆինանսաւորած է պետութիւնը եւ ոչ թէ գումարները մսխած:

Նախորդը

«Հանրապետութեան Նախագահին Ընտրութեան Կողքին, Պէտք Է Ճշդել Նաեւ Վարչապետն Ու Կառավարութեան Կազմը» Կը Հաստատէ Ա. Ասիրի

Յաջորդը

Լը Տըրիան Աւարտեց Լիբանան Կատարած Իր Երկօրեայ Այցելութիւնը

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.