Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ անցեալ շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Իրաք, ուր իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Հայեան Ապտել Ղանիի հետ ստորագրեց Լիբանանին նաւթի հայթայթելու փոխըմբռնումի յուշագիր մը:
Յուշագիրի ստորագրութեան ներկայ գտնուեցաւ Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հապհապ եւ Իրաքի ուժանիւթի նախարարութեան պատասխանատուները:
Լիբանանի ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ այս քայլը շարունակութիւնն է իրաքցի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութիւններու ամբողջացումին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ խորհրդակցութիւններ կատարուած էին Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայահ Սուտանիի հետ, եւ Ֆայեատի հետեւողական աշխատանքով կարելի եղաւ Լիբանանին յաւելեալ նաւթ տրամադրել` Լիբանանի գործարաններուն ելեկտրականութիւն հայթայթելու նպատակով:
Յուշագիրին գործադրութիւնը կ՛ենթադրէ հոկտեմբերէն առաջ նաւթի յանձնումը Լիբանանին: Նշենք, որ յանձնուելիք նաւթը նախորդ քանակէն կիսով աւելի է:
Իրաքի կողմէ Լիբանանին պիտի տրամադրուի նաեւ տիզըլ օյլ` տարեկան դրութեամբ մէկուկէս միլիոն թոն:
Լիբանանին պիտի տրամադրուի նաեւ երկու միլիոն թոն նաւթ, որ պիտի յատկացուի ելեկտրական ընկերութիւններուն բանեցման:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ երկու կողմերը համաձայնած են կազմել միացեալ յանձնախումբ մը` քննարկելու համար այս յուշագիրը, որ աւելի ուշ պիտի քննարկուի երկու երկիրներուն կողմէ եւ գործադրութեան դրուի` օրէնքներուն համաձայն:


