Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդի անցեալ շաբթուան նիստին արդիւնքները, որոնց շրջագիծին մէջ Ապահովութեան խորհուրդին մաս կազմող երկիրները փափաք յայտնեցին, որ Լիբանան տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումները գործադրէ` սկսելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն, նախագահական ընտրութիւն կատարէ, ինչպէս նաեւ հսկէ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Նշենք, որ Վրոնեցքա այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի: Քննարկուեցան 20 յուլիսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի տեղեկագիրին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ` ընկերակցութեամբ կալուածներու պատասխանատուներու մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարաուի:
Խալիլ շեշտեց, որ նախարարութեան կողմէ պիտի հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը` այդ հանդիպումին վերաբերող:
Միքաթի ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որ մտահոգութիւն յայտնեց 2023-ի պետական ամավարկի նախագիծին բովանդակած տուրքերուն մասին:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Քասեմ Հաշեմ եւ Ժիհատ Սամատ, ինչպէս նաեւ լեռնագնաց Մաքսիմ Շաայա` ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարի:

