Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Եարզէի իր բնակարանին մէջ մեծարանքի երեկոյ մը կազմակերպեց ի պատիւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պուխարի նշեց, որ Լիբանանի` պետութեան, հաստատութիւններուն եւ լիբանանցիներուն զօրակցութեան իմաստով Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը հաստատուն է:
«Սէուտական Արաբիա նախանձախնդիր կը մնայ այս իմաստով եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հնգակողմանի հանդիպումի շրջագիծին մէջ եւ կը ներկայացնէ այնպիսի առաջարկներ, որոնք կ՛օժանդակեն Լիբանանի փրկութեան», յայտնեց ան:
Պուխարի ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա այս կամ այն թեկնածուին զօրակցելու նախաձեռնութիւն չունի, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներուն առումով միջամուխ չի դառնար, այլ բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
«Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը երեսփոխաններուն կողմէ պիտի կատարուի», ըսաւ ան:
Պուխարի ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա կառչած կը մնայ Ազգային ուխտին եւ լիբանանցիները պաշտպանող Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի որեւէ հանդիպումի, որ կը նպաստէ լիբանանցիներուն:
«Մենք կը փափաքինք, որ նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարուի», ըսաւ ան:


