ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 22.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 22.000 լ. ոսկիով, մազութը` 34.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 20.000 լ. ոսկիով:
Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.701.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.740.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.484.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 830.000 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Աշուրայի տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները շաբաթ, 29 յուլիս 2023-ին պիտի մնան փակ:
Աւելի ուշ հրապարակուեցաւ նաեւ այլ հրամանագիր մը, որ կը նշէ, թէ ուրբաթ, 4 օգոստոս 2023-ին ազգային սուգ է, եւ պետական բոլոր հաստատութիւնները փակ պիտի մնան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Գ. տարելիցին առիթով:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց երեսփոխան Հասան Մըրատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ կառչած մնալ Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան: Մըրատ նշեց, որ անկասկած իրենց յաջորդ շարժումը պիտի ըլլայ միասնական շարքերով ուղղուիլ դէպի նախագահական ընտրութիւն:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Հասսան Քաթնայի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ քննարկեց Պէյրութի եւ Դամասկոսի միջեւ երկրագործական մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր: Քննարկումներու շրջագիծին մէջ Քաթնա Հասանին յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը համաձայն է, որ լիբանանեան երկրագործական արտադրութեան վրայ իր պարտադրած տարանցումի տուրքը 50 առ հարիւրով նուազի:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ համաձայնութիւնները կարիքը ունին խորհրդակցութեան եւ արտաքին հոգատարութեան լուծէն դուրս գալու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն արտաքին որոշումները, որոնք կը բանեցուին երկրին վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք կը մղեն հանրապետութիւնը զինք առեւանգողներէն ազատագրելու պայքարը, որ կը դրսեւորուի հանրապետութեան նախագահութեան վրայ Դիմադրութեան առանցքին հակակշիռը արգիլելով: