Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան, որ Պէյրութ վերադարձած է երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու, յատկապէս` նախագահական ընտրութիւնը դիւրացնելու առաքելութեամբ, երէկ առաւօտեան այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Աւելի ուշ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ Լը Տըրիանի եւ Պասիլի միջեւ հանդիպումը եղած է դրական:
Ըստ հաղորդագրութեան, Լը Տըրիան առաջարկած է Պէյրութ վերադառնալ սեպտեմբերին, որուն ընթացքին արագ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին, եւ պիտի քննարկուի այն ծրագիրը, որուն կարիքը ունի Լիբանանը, ինչպէս նաեւ այդ պատկերացումին ատակ նախագահական թեկնածուին անունը:
Կը նախատեսուի, որ այդ արագ խորհրդակցութիւններէն ետք խորհրդարանը իրերայաջորդ նիստեր գումարէ` ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը:
Լը Տըրիան այցելեց նաեւ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի Պէյրութի բնակարանը, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Հանդիպումը մտերմիկ էր եւ դրական: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հաւանական լուծումներու մասին միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ:
Լը Տըրիան այցելեց նաեւ Մեհրապ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ ինք կը նախընտրէ, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան վերաբերեալ ֆրանսացիներու ճիգերուն մասին հարցումը ուղղուի ֆրանսական կողմին:
Ժահժահ նշեց, որ քննարկած է պաշտօնական իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ հանդիպումը դրական էր:
«Մենք այլ թեկնածուներու անուն չառաջադրեցինք, այլ` կառչած մնացինք մեր թեկնածուին, ինչպէս նաեւ մինչեւ օրս որոշում չենք տուած այս կամ այն խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու», ըսաւ ան:
Նախանցեալ օր Լը Տըրիան ֆրանսական դեսպանատան մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթը, որ շեշտեց ժամանակ կորսնցնելու ընթացքին կասեցման անհրաժեշտութիւնը:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ պէտք է անմիջապէս կատարել հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ կառչած մնալ առանց նախապայմանի երկխօսութեան:
Նախանցեալ օր Լը Տըրիանի այցելուներէն եղան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ:
Պէտք է աւելցնել, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ անցեալ երկուշաբթի օր դեսպան Կրիօ Միքաթիի կատարած իր հրաժեշտի այցելութեան ընթացքին ըսած էր, թէ Լը Տըրիանի լիբանանեան այցելութիւնները պիտի կատարուին նախագահական ընտրութիւններուն հետ ուղղակի կապ ունեցող անձնաւորութիւններուն:
Միքաթի Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան
Այսօրուան Նիստին
Միւս կողմէ, Միքաթի այսօր կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկրին ելեւմտական իրադարձութիւնները` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի աւարտին լոյսին տակ:
Այս շրջագիծին մէջ կարգ մը նախարարի պաշտօնակատարներու կողմէ նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլը կը սպառնայ կառավարութեան ժողովի օրինաթիւին:
Այս առումով զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեցին, որ պիտի չմասնակցին կառավարութեան նիստի մը, որուն ընթացքին կրնայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուիլ կամ նոր կառավարիչ նշանակուիլ:
Նշենք, որ Միքաթի երէկ առաւօտեան ընդունեց Կեդրոնական դրամատան չորս փոխկառավարիչներ Ուասիմ Մանսուրին, Պաշիր Եաքզանը, Սելիմ Շեհինը եւ Ալեքսանտր Մուրատեանը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ եւ վարչապետի խորհրդական Նիքոլա Նահհաս:
Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ի յայտ եկած է, որ փոխկառավարիչները մտադիր չեն հրաժարիլ:
ՆՇԵՆՔ, որ Պետական շուրան երէկ մերժեց Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարէն առ հաշիւ գումար փոխ առնելու կառավարութեան պահանջը: