Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Աշուրայի սգատօնին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլ կը վախնայ պատերազմէն եւ կը յայտարարէ, որ ինք կը մերժէ պատերազմը, որովհետեւ անիկա շատ սուղ պիտի ըլլայ:
Ռաատ հաստատեց, որ Իսրայէլ իր վատագոյն օրերը կ՛ապրի, եւ որեւէ պատերազմ սանձազերծելու մասին մտածելու պարագային ան շատ սուղ պիտի վճարէ այդ պատերազմին գինը:
Ռաատ հաստատեց, որ Լիբանան իր եռեակ տարազով` «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն», կը պաշտպանէ իր գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլէ Իսրայէլը Լիբանանի դէմ յարձակումի դիմելէ:
ՄԻՒՍ կողմէ, իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Հըզպալլայի մարտիկները Գալիլիոյ Տովիվ բնակեցման վայրի սահմանամերձ շրջանին մէջ շրջագայած են:
Արեւելեան Գալիլիոյ ապահովական պատասխանատուն հաստատեց, որ իրենք անակնկալի չեն մատնուած այդ մարտիկները տեսնելով` աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ սանձազերծուած պատերազմէն առաջ ալ նոյնն էր կացութիւնը, եւ Հըզպալլայի մարտիկները սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կը շրջագայէին:
Իսրայէլեան ընկերային ցանցեր ցուցադրեցին վիտէօ մը, որ կը փաստէ Հըզպալլայի մարտիկներուն շրջագայութիւնը: