Լիբանանեան

Մամլոյ Արձակուրդ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 3-րդ տարելիցին յայտարարուած ընդհանուր սուգին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 5 օգոստոս 2023-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 7 օգոստոս 2023-ին:  

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին  Գ. Տարելիցին Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գ. Տարելիցին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Գ. տարելիցին առիթով, Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն երեք տարիներ ետք, այսօր` հեռու ժողովրդահաճութենէ, բաւարար է պահանջել նահատակներու հոգիներուն համար ողորմութիւն: Յոյսով, որ արդարութիւնը կը գործադրուի` հեռու քաղաքական չարաշահումէն»: Երեսփոխան Բագրատունի իր գրառումին կցեց քանդուած նաւահանգիստէն լուսանկար մը, որուն վրայ նշուեցաւ...

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները  Մերթ Կը Սաստկանան, Մերթ Կը Մեղմանան

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Մերթ Կը Սաստկանան, Մերթ Կը Մեղմանան

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ծայր առած զինեալ բախումներուն պատճառով ցարդ արձանագրուած են 13 զոհեր եւ վիրաւորուած 60 ուրիշներ: Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զինեալ բախումները սաստկացան եւ իրենց գագաթնակէտին հասան չորեքշաբթի, 2 օգոստոս 2023-ի կէս գիշերին, երբ Ժունտ Շամի եւ Օսպաթ Անսարի զինեալներ փորձեցին Ֆաթհի կեդրոններուն վրայ յարձակումներ գործել եւ գրաւել զանոնք: Ուշ գիշերին հնչեցին կոչեր` Այն Հելուէի կից գտնուող...

Կառավարութիւնը 17 Օգոստոսին Պիտի Գումարէ  Նիստ Մը` Քննարկելու Համար Կրթական  Տարեշրջանի Մարտահրաւէրները

Կառավարութիւնը 17 Օգոստոսին Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Քննարկելու Համար Կրթական Տարեշրջանի Մարտահրաւէրները

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 12:30-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի: Նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկի քննարկումը: Նսիտէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը կրցած է 150 միլիառ լ. ոսկի ապահովել Լիբանանեան համալսարանի իրերօգնութեան սնտուկին, ինչպէս նաեւ կիսաժամ դրութեամբ դասաւանդող 956 դասախօսներ դարձած են Լիբանանեան համալսարանի լիաժամ դասախօս: Մքերի նշեց, որ կառավարութիւնը պարտականութիւն տուաւ...

Տիմանի Մէջ.   Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Մտահոգութիւն Յայտնեց Այն Հելուէի  Զինեալ Բախումներուն Մասին

Տիմանի Մէջ. Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Մտահոգութիւն Յայտնեց Այն Հելուէի Զինեալ Բախումներուն Մասին

Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը Տիմանի մէջ գումարեց իր ամսական ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ խորհուրդը պահանջած է 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութիւնները զերծ կացուցել քաղաքական միջամտութիւններէն: Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ իրենք կը զօրակցին նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանիքներու պահանջին, որն է հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբի մը կազմութիւնը եւ նահատակներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ...

Սէյիտ Նասրալլա. «Շրջանին Հիմնական Հարցը  Ամերիկեան Բացայայտ Միջամտութիւնն Է»

Սէյիտ Նասրալլա. «Շրջանին Հիմնական Հարցը Ամերիկեան Բացայայտ Միջամտութիւնն Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շէյխ Աֆիֆ Նապուլսիի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին հաստատեց, որ 1982-էն ի վեր շէյխ Նապուլսի ներկայ գտնուած է Դիմադրութեան կողքին` դէմ դնելու համար ամերիկեան եւ իսրայէլեան դաւադրական ծրագիրներուն ու ներխուժումներուն: Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ շրջանին հիմնական հարցը ամերիկեան բացայայտ միջամտութիւնն է, որ հետեւանքն է անոր հանդէպ ցուցաբերուած ենթակայ ըլլալու քաղաքականութեան: Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.250 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ալաուի միւֆթի Տըրիանին յանձնեց Եգիպտոսի միւֆթի Շաուքի Ալամէն յղուած հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու համար 18 սեպտեմբեր 2023-ին...

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները  Համեմատաբար Վերջ Գտան

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Համեմատաբար Վերջ Գտան

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ չորս օրեր առաջ ծայր առած բախումները, որոնք երեքշաբթի երեկոյեան համեմատաբար մեղմացած էին, դարձեալ սաստկացան կէս գիշերին: Նախքան բախումներուն սաստկացումը, լիբանանեան բանակը յաւելեալ ուժ եւ զինուորականներ տեղակայեց Սայտայի մուտքերուն, յատկապէս քաղաքի արեւելեան շրջանին մէջ: Հարաւային Լիբանանի նահանգապետը վերահաստատեց իր որոշումը` Սայտայի մէջ գործող պետական բոլոր հաստատութիւններն ու գրասենեակները փակ պահելու իմաստով: Քառօրեայ արիւնալի բախումներէն ետք, երէկ...

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Շարք Մը Հարցեր

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Շարք Մը Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ ողջունեց լիբանանեան բանակը` անոր հիմնադրութեան տօնին առիթով: Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի սպաներն ու բոլոր զինուորականները, որոնք հակառակ դժուարութիւններուն կը դիմանան եւ կը տոկան հայրենիքին պաշտպանութեան եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար: Պու...

Վրոնեցքա Այցելեց  Պու Սաապի Եւ Քարամէի

Վրոնեցքա Այցելեց Պու Սաապի Եւ Քարամէի

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկուող լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ նիստին արդիւնքները: Պու Սաապ Վրոնեցքայի հետ քննարկեց նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուած մագլցումներուն մանրամասնութիւնները, որոնք նշուած էին Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած Վրոնեցքայի տեղեկագիրին մէջ: Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ...

Պու Հապիպ 15 Դեսպաններէ Եւ Գործակատարներէ  Ստանձնեց Յուշագիր Մը` Արագացնելու Համար  Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնները

Պու Հապիպ 15 Դեսպաններէ Եւ Գործակատարներէ Ստանձնեց Յուշագիր Մը` Արագացնելու Համար Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնները

Արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ 15 դեսպաններէ եւ դեսպանատուներու գործակատարներէ ստանձնեց միացեալ յուշագիր մը, որ կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան պետութեան արագացնելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող հետաքննութիւնը: Պու Հապիպի եւ նախարարութեան կեդրոնատեղի ներկայացող դեսպաններուն միջեւ հանդիպումը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով պայթումի զոհերուն յիշատակը: Դեսպանները Պու Հապիպին յանձնեցին յուշագիրը` պահանջելով արագացնել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը: Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին...

Ֆայեատ Եւ Համիէ Այցելեցին Թիւ 9 Նաւթահորի  Պեղման Նպատակով Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Կառուցուած Գումակային Հարթակը

Ֆայեատ Եւ Համիէ Այցելեցին Թիւ 9 Նաւթահորի Պեղման Նպատակով Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Կառուցուած Գումակային Հարթակը

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ այցելեցին թիւ 9 նաւթահորի պեղման նպատակով Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կառուցուած գումակային հարթակը: Այս առիթով Համիէ յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը աշխատանքը միշտ կը համադրէ ուժանիւթի նախարարութեան հետ, որ ուղղակիօրէն առնչուած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթի պեղման հոլովոյթին: Համիէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Տիման, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 16.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 16.000 լ. ոսկիով,...

«Կորսնցնելու Ժամանակ Չունինք,  Պէտք Է Մինչեւ Նոր Տարի Հանրապետութեան  Նախագահի Ընտրութիւն Կատարենք»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կորսնցնելու Ժամանակ Չունինք, Պէտք Է Մինչեւ Նոր Տարի Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւն Կատարենք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին դարձաւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի հարցազրոյցի հիւրը: Լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան 78-ամեակին առիթով Յ. Բագրատունի շնորհաւորեց բանակը` շեշտելով, որ ան հսկայ զոհողութիւններ կը մատուցէ` պաշտպանելու համար Լիբանան հայրենիքն ու երկրին ապահովական կայունութիւնը: «Բանակայինը` ամէնէն կրտսեր զինուորականէն մինչեւ բարձրագոյն սպան  եւ բանակի հրամանատարը իրենց արեամբ...

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան Առիթով  Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի  Համացանցային Գրառումը

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 78-ամեակին առիթով, Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Լիբանանեան բանակը կը մնայ հայրենիքին պաշտպանը: Ձեր տօնը շնորհաւո՛ր` հայրենիքի պաշտպաններ, իսկ փա՛ռք ձեր յիշատակին` հերոս նահատակներ»: Երեսփոխան Բագրատունի իր գրառումին կցեց հայրենիքի սահմանները պաշտպանող լիբանանցի զինուորի մը լուսանկարը, որուն վրայ նշուեցաւ «Հայրենիքի պաշտպանը» գրութիւնը:

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները  Աւելի Ծանր Թափով Շարունակուեցան

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Աւելի Ծանր Թափով Շարունակուեցան

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ չորորդ օրն ըլլալով զինեալ բախումները կը շարունակուին` ստանալով աւելի ծանր թափ: Ֆաթհի եւ իսլամական շարժումներու, ինչպէս` Օսպաթ Անսարի եւ Ժունտ Շամի միջեւ շարունակուող զինեալ բախումներուն ընթացքին կ՛օգտագործուին գնդացիրներ եւ նռնականետեր, որոնք կը քանդեն գաղթակայանը` արձանագրելով յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորներ: Սայտա քաղաքը երրորդ օրն ըլլալով փակ կը մնայ` զգուշանալով գաղթակայանէն տեղացող փամփուշտներու տեղատարափէն, ինչպէս նաեւ ռումբերու...

Ռիատ Սալամէ Կեդրոնական Դրամատունէն Մեկնեցաւ  Տօնախմբութեամբ, Իսկ Մանսուրի Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

Ռիատ Սալամէ Կեդրոնական Դրամատունէն Մեկնեցաւ Տօնախմբութեամբ, Իսկ Մանսուրի Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ կէսօրին Կեդրոնական դրամատունէն մեկնեցաւ տօնախմբութեամբ եւ ծափողջոյններով, աւարտելէ ետք երեք տասնամեակ երկարող իր պաշտօնավարութիւնը: Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ օրէնքին համաձայն, ինք այսօրուընէ սկսեալ կը ստանձնէ Կեդրոնական դրամատան գործադիր իշխանութիւնը` աւելցնելով, որ դրամատան ելեւմտական քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի, այլ խօսքով` պետութիւնը ֆինանսաւորելու քաղաքականութիւնը վերջ...

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Ձեր Թափած Արիւնն Ու Քրտինքը  Գլխաւոր Պատճառներն Են Հայրենիքին Գոյատեւման»

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Ձեր Թափած Արիւնն Ու Քրտինքը Գլխաւոր Պատճառներն Են Հայրենիքին Գոյատեւման»

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 78-ամեակին առիթով բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ տուաւ օրուան հրահանգը, որուն մէջ հաստատեց, որ 1 օգոստոսը յստակ ու վճիտ տառերով նշուած է Լիբանանի պատմութեան էջերուն մէջ: «Բանակին առաքելութիւնը ամբողջ տարուան ընթացքին կը դրսեւորուի «Պատիւ, զոհողութիւն, հաւատարմութիւն» նշանաբանին ընդմէջէն, ինչքան ալ բարդ ըլլան պայմաններն ու մարտահրաւէրները: «Հակառակ վերջին տարուան ահաւոր տագնապներուն, բանակը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը` երաշխաւորելու...

Թէյմուր Ժոմպլաթ Հանդիպումներ  Կ՛ունենայ Պուխարիի Եւ Ժահժահի Հետ

Թէյմուր Ժոմպլաթ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Պուխարիի Եւ Ժահժահի Հետ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ իր հօր, նախկին նախարար Ուալիտ Ժոմպլաթի, այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս Լիբանանի տագնապի լուծման համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի այցելութեան արդիւնքներն ու Տոհայի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմանի ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 15.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 16.000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 6000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.696.000...

Page 256 of 987 1 … 255 256 257 … 987

Արխիւներ