Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստի Մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Հատի Ապուլ Հասան, Ալեն Աուն եւ Ապտել Քերիմ Քապպարա, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր: Նիստէն ետք Պու Սաապ...




















