Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի ժողովին նախագահելէ ետք կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ ան հաստատեց, որ կարելի չէ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել, եթէ անոր անուան շուրջ համախոհութիւն եւ ըմբռնում չգոյանայ:
Պասիլ շեշտեց, որ այդ համախոհութեան կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ երկխօսութեամբ` ներլիբանանեան երկխօսութեամբ:
«Նախագահական ծրագիրը պիտի ըլլայ համաձայնութեան հիմքը, ապա կարելի է խօսիլ հանրապետութեան նախագահի յատկանիշներուն մասին, որովհետեւ այդպէս է, որ կարելի կ՛ըլլայ դիւրացնել հանրապետութեան նախագահի անուան մը շուրջ համաձայնութիւնը», շեշտեց ան:
Պասիլ հաստատեց, որ պէտք չէ նաեւ մինչեւ սեպտեմբեր սպասել, այլ` երկխօսութեան սկսիլ կարելի եղածին չափ կանուխ` երաշխաւորելով յառաջիկայ վեց տարիներու տնտեսական եւ գերիշխանական թղթածրարներուն լուծումները:
Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան մասին Պասիլ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ քննարկուածը քաղաքական աշխատանքային համաձայնագիր մը կամ զիջումներ կատարելու քայլ մը չէ, այլ` համախոհութեան յանգելու փորձ:
Այս շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի հետ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացած է համախոհական նախագահի մը ընտրութիւնը դիւրացնելու շուրջ` ազգային պահանջներու փոխարէն:
«Տակաւին կը գտնուինք երկխօսութեան սկիզբը եւ ներկայացուցած ենք կարգ մը առաջարկներ, որոնք պատասխաններու կը կարօտին: Հըզպալլայի հետ կատարուածը քաղաքական աշխատանք մըն է, որ բոլոր լիբանանցիներուն կը վերաբերի, որովհետեւ պահանջուած վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ ընդարձակ դրութեան հաստատումը միայն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան չի վերաբերիր», շեշտեց ան:
Պասիլ դիտել տուաւ, որ ապակեդրոնացեալ դրութիւնը կ՛ապահովէ շրջաններու բարգաւաճումը, իսկ ապահովագրական սնտուկը կ՛ապահովէ պետութեան բարգաւաճումը:
Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները չի կատարեր: «Կատարուածը յաւելաբանութիւն է եւ իմաստակութիւն, որ լիբանանցիներուն վստահութիւն չի ներշնչեր: Պէտք է ուղղուիլ իսկական բարեկարգումին եւ կոչ ուղղել կառավարութեան, որ բոլոր լիբանանցիներուն համար օգտակար գործեր կատարէ` ընթացիկ հարցերու իր լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ», հաստատեց ան:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի 10 սեպտեմբերին` աւելցնելով, որ թեկնածութիւնները կ՛առաջադրուին այսօր` հինգշաբթի, 10 օգոստոսէն սկսեալ: «Կոչ կ՛ուղղենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութեան դերակատարութենէն դժգոհողներուն առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը», ըսաւ ան:


