Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէի Բախումները Վերջ Գտած Են, Իսկ Կառավարութիւնը 16 Օգոստոսին Պիտի Վաւերացնէ 2023-ի Պետական Ամավարկը

August 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զինեալ բախումները քննարկումի նիւթ դարձան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետի միջեւ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներու եւ բանակի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան խմբաւորումներու պատասխանատուներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ապահովական միջոցառումներ որդեգրելու հեռանկարները` վերջնականացնելու համար զինադուլը:

Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ զինեալ բախումները վերջ գտած են, եւ կոչ ուղղուեցաւ գաղթակայանէն հեռացած պաղեստինցիներուն վերադառնալու Այն Հելուէ:

Այս ծիրին մէջ Միքաթի ակնարկելով Լիբանանի մէջ Ծոցի երկիրներուն եւ Գերմանիոյ դեսպանատուներուն կողմէ հրապարակուած զգուշացման հաղորդագրութիւններուն` հաստատեց, որ ապահովական կառոյցներու տուեալները ցոյց չեն տար, որ Լիբանանի մէջ ապահովական արտակարգ կացութիւն կամ իրավիճակ գոյութիւն ունի:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ Լիբանանէն հեռանալու իմաստով սէուտցիներուն ուղղուած կոչը Այն Հելուէի բախումներուն լոյսին տակ էր` նկատի ունենալով իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան նկատմամբ Ռիատի յանձնառութիւնը:

Պուխարի միաժամանակ հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա պիտի ըլլայ Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը քաջալերող կարեւորագոյն երկիրներէն մէկը` աւելցնելով, որ յաջորդող փուլը պիտի փաստէ այդ իրողութիւնը, եթէ լիբանանցիները կարենան լուծել իրենց տագնապը:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Ազզամ Ահմետը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրն ու Ֆաթհի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներու ընդհանուր քարտուղար Ֆաթհի Ապու Արտաթը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Այն Հելուէ գաղթակայանի իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին շարունակեց քննարկել 2023-ի պետական ամավարկը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը 16 օգոստոսի իր նիստին պիտի վաւերացնէ 2023-ի պետական ամավարկը:

Մքերի աւելցուց, որ 2024-ի պետական ամավարկը եւս մշակումի ընթացքին մէջ է եւ անոր քննարկումը կարելի է կատարել 2023-ի պետական ամավարկին զուգահեռ:

Նախորդը

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

«Վատիկանի Շարունակուող Զօրակցութիւնը Կարեւոր Է Արցախին Համար» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.