Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Նոյնքան Յանձնառու Ենք Լիբանանի Մէջ Գտնուող Արաբներուն Անվտանգութեան, Ինչպէս Լիբանանցիներուն»

August 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրած են` արգիլելու համար Այն Հելուէի զինեալ բախումներուն գաղթակայանէն դուրս ընդարձակումը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու համար լիբանանցիներուն եւ արաբներուն անվտանգութիւնը:

«Նոյնքան յանձնառու ենք Լիբանանի մէջ գտնուող արաբներուն անվտանգութեան, ինչպէս լիբանանցիներուն», հաստատեց Մաուլաուի:

Ան աւելցուց, որ արաբական երկիրները Լիբանանի բարեկամ երկիրներ են, եւ անոր շահերը զիրենք կը հետաքրքրեն:

Մաուլաուի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական դէպքերու բռնկման իմաստով մտավախութիւն չկայ:

Ան հաստատեց, որ իրենց համար Լիբանանի մէջ ապահովական խախտումները անընդունելի են, եւ երկրին մէջ գործող զինեալ խմբաւորումներուն մատակարարուած զինեալ օժանդակութիւնները մերժելի են:

Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը կը մերժէ երկրին մէջ գտնուող ապօրինի զէնքը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ լիբանանցիներուն եւ արաբներուն ապահովութեան վնասել կամ Լիբանանի ապահովութիւնը վտանգել:

Ան նշեց, որ պետութիւնը ոչ ոքի օրակարգ կը գործադրէ` ապահովական առումով:

«Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ են` գետնի վրայ հակակշռելու համար կացութիւնը եւ ամրապնդելու երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Մաուլաուի հաստատեց, որ հարցման նշանն ու զարմացնողը այն է, թէ ինչպէ՞ս այս բոլոր տարիներուն ընթացքին կարելի չէ եղած հիմնել պետութիւն մը, որ իր իշխանութիւնը կը պարտադրէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ կը պաշտպանէ լիբանանցիները: «Անշուշտ այս նուաճումը կարելի է իրագործել միայն բանակով եւ ապահովութեան ուժերով», յայտնեց ան:

Մաուլաուի աւելցուց, որ գաղթակայաններուն մէջ կան զինեալ խմբաւորումներ, որոնց հետ վերաբերիլը լիբանանեան բանակին վստահուած է: «Բանակը զգուշութեամբ եւ իմաստութեամբ վարուեցաւ, իսկ բանակի հրամանատարութիւնը զգաստ է ու լաւ գիտէ, թէ նման պայմաններու ընթացքին ինչպէ՛ս պէտք է վարուի», ընդգծեց ան:

 

Նախորդը

Ռաատ. «Ոմանց Իշխանութեան Գալը Կը Մերժենք, Որովհետեւ Անոնց Հետ Վատ Փորձառութիւն Ունեցած Ենք»

Յաջորդը

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 5, 2026
Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.