Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. Ընկերային Ապահովութեան Ազգային Ռազմավարութեան Գործադրութեան Նախարարական Նիստ

August 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընկերային ապահովութեան ազգային ռազմավարութեան գործադրութեան նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ:

Նիստէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ քննարկած են յատկապէս 2022 մայիսին հրապարակուած ռազմավարութիւնը բարեկարգումներու ենթարկելու կարելիութիւնը, որուն համաձայն` պետութեան կողմէ տրամադրուելիք օժանդակութիւնները միայն լիբանանցիներուն կը յատկացուին եւ ոչ թէ Լիբանանի մէջ ապրող բոլորին:

Հաժժար հաստատեց, որ ոչ լիբանանցիները օժանդակութիւններ պէտք է ստանան միջազգային հաստատութիւններէն` երկրին սահմանադրութեան եւ կանոններուն համաձայն:

Հաժժար նկատել տուաւ, որ ընկերային ապահովութեան ազգային ռազմավարութեան մշակումը աւարտած են եւ զայն յանձնած նախարարներուն ու պահանջած անոնցմէ, որ իրենց դիտողութիւնները արձանագրեն այդ ռազմավարութեան վրայ մինչեւ 22 օգոստոս, որպէսզի կարելի ըլլայ նախարարաց խորհուրդին կողմէ որդեգրել զայն:

Նշենք, որ Միքաթի առանձին հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախարարի պաշտօնակատարներ Հանրի Խուրիի եւ Հեքթոր Հաժժարի հետ: Քննարկուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Կանայի արտաքին գործոց նախարար Շըրլի Պոչոուայ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի

յարաբերութիւններն ու փոխադարձ  գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Միքաթիի այցելեց Բնակարանային վարկերու դրամատան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Հապիպ, որ յայտնեց, թէ իրենք Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրէն իմացած են, թէ Տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման արաբական սնտուկը վերջնական համաձայնութիւն յայտնած է Բնակարանային վարկերու դրամատան 50 միլիոն քուէյթեան տինար, այսինքն` 165 միլիոն տոլար տրամադրել:

 

 

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Համաձայնութեան Յանգած Ենք` Սուրիացի Տեղահանուածներուն Մասին Տուեալներուն Գծով»

Յաջորդը

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ Նախնական Համաձայնութիւն Մը Գոյացած Է Համախոհական Նախագահի Մը Ընտրութիւնը Դիւրացնելու Շուրջ` Ազգային Պահանջներու Փոխարէն»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.