Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը ուղղաթիռով հսկեցին սահմանային Կապոյտ գիծի մօտակայքին` սկսելով Ատայսէի բարձունքներէն, հասնելով մինչեւ Ղաժար եւ Ուազզանի-Այն Արապ շրջաններ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 29.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 29.000 լ. ոսկիով, մազութը` 40.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.741.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.779.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.537.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 843.000 լ. ոսկի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Պէյրութի աղէտին մասին ճշմարտութիւնը յայտարարելը դատական իշխանութեան պարտականութիւնն է, իսկ յանցագործները պատժելը անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի բոլորը դասեր քաղեն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ 7 օգոստոսի իր պայքարը, որպէսզի Լիբանանի մէջ կարելի ըլլայ պետութիւն հիմնել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ելեւմուտքի նախարարէն պահանջեց գործադրել Պետական շուրայի որոշումը եւ իրեն յանձնել Կեդրոնական դրամատան վերաբերող իրաւական հաշուեքննութեան տեղեկագիրէն օրինակ մը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք պահանջեց Պեքաայի մէջ աղբերը հրկիզելու երեւոյթին վերջ տալ` հաստատելով, որ այդ քայլը քաղաքացիներուն առողջութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ հանդիպում մը ունեցաւ օտար երկիրներու մէջ ապրող Մարատա հոսանքի գործիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին ան հաստատեց, որ յուսահատութիւնը իրենց մեծագոյն թշնամին է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ վախ տարածելու ու սարսափեցնելու կարիք չկայ, յատկապէս նկատի ունենալով այն, որ Լիբանան զբօսաշրջական խոստմնալից եղանակ մը կը վկայէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ ինք լաւատես է Լիբանանով` աւելցնելով, որ անոր նաւթն ու կազի հարստութիւնը դարձեալ պիտի փայլեցնէ զայն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ յարաբերութիւնները:

Նախորդը

Ժետտայի Մէջ Ուքրանիոյ Հարցով Ժողովը Կ՛որոշէ Խաղաղութեան Հասնելու Համար Խորհրդակցութիւնը Շարունակել

Յաջորդը

Ռաատ. «Ոմանց Իշխանութեան Գալը Կը Մերժենք, Որովհետեւ Անոնց Հետ Վատ Փորձառութիւն Ունեցած Ենք»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?