Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան հասաւ Տիման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, եւ ապա խորհրդակցական հանդիպում` կառավարութեան մաս կազմող կարգ մը նախարարներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանին յայտնած է, թէ կան նախագահական ընտրութեան հիմնական երկու թեկնածուներ` առաջարկելով, որ ուղղուին խորհրդարան եւ անոնցմէ մէկը ընտրեն հանրապետութեան նախագահ:
Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Տիմանի այս հանդիպումը պաշտօնականութենէ հեռու է եւ գաղտնի օրակարգեր չի բովանդակեր, հետեւաբար պէտք չէ այս հանդիպումը տողընդմէջ կարդալ:
Միւս կողմէ, Միքաթի շեշտեց, որ այսօր իրենք կարիք ունին նման հանդիպումի մը, որովհետեւ երկիրը հանրապետութեան նախագահ չունի, իսկ խորհրդարանը ժողով չի գումարեր:
Միքաթի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուելիք յստակ օրակարգ չկայ, սակայն պիտի քննարկուին լիբանանեան բարոյական արժէքները:
«Մեզի կը միացնէ բազմազանութեան նկատմամբ յարգանքը: Լիբանանեան միասնականութիւնը Լիբանանի հարստութիւնն է, իսկ մեր մտահոգութիւնը այն է, թէ այդ արժէքները կրնան սպառնալիքի ենթակայ ըլլալ», յայտնեց ան:
Աւելի ուշ Տիմանի հանդիպումին մասին հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Միքաթի եւ հանդիպումին ներկայ եղած նախարարները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ռայի պատրիարքին, որ հիւրընկալեց խորհրդակցական այդ հանդիպումը Տիմանի մէջ:
Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին այդ վայրին խորհրդանշական ըլլալուն, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուցած ազգային եւ հոգեւոր խորքին ու դերակատարութեան համար:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Լիբանան հայրենիքը այսօր կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր փուլը, որ լեցուն է տագնապներով, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ապրուստի մարտահրաւէրներով, որոնք բացայայտ են բոլորին համար:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ այդ տագնապին վրայ կ՛աւելնայ գոյութենական այլ տագնապ մը, որ ուղղակիօրէն կապուած է Լիբանանի գոյութեան եւ մարդկութեան համար անոր խաղցած մշակութային դերակատարութեան:
«Լիբանան այն երկիրն է, ուր մարդիկ խաղաղութեամբ, ապահովութեամբ, ազատութեամբ եւ արժանապատուութեամբ կ՛ապրին: Այս տարազին ներքեւ կայ նաեւ այն, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան արժէքը, որուն շրջագիծին մէջ կը պաշտպանուի բազմազանութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը, որոնք կ՛առաջնորդեն դէպի արդիական, արդար, հզօր ու հարուստ պետութեան մը հիմնադրութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Տիմանի հանդիպումը հաստատեց, որ բոլոր լիբանանցիները հրաւիրուած են պաշտպանելու լիբանանեան այս տարազը եւ ամրագրելու լիբանանեան ինքնութեան իրենց պատկանելիութիւնը: «Այս օրերուն պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական մակարդակներու վրայ երեւան կ՛ելլեն եզրեր, որոնք կը վերածուին արդիականութիւն, ազատութիւն եւ մարդկային իրաւունք քարոզող մոլորեցնող խօսքերու: Այդ խօսքերը կը հակասեն կրօնական եւ բարոյական այն արժէքներուն, որոնք հիմքն են մեր հոգեկան, հոգեւոր եւ ընկերային մեր կազմաւորման: Այս խօսքերը յստակ խախտում կը նկատուին լիբանանեան սահմանադրութեան իններորդ եւ տասներորդ կէտերուն, եւ անոնց դէմ պայքարը բոլորին պատասխանատուութիւնն է անխտիր: Այդ պայքարը պէտք է մղեն հոգեւոր հեղինակութիւնները, քաղաքական եւ դատական իշխանութիւնները, կրթական, տեղեկատուական եւ քաղաքացիական ընկերութեան հաստատութիւնները: Կը մերժենք, որ մեր նորահաս սերունդներուն ներկան անյստակ դառնայ, որպէսզի երաշխաւորենք, թէ անոնց ապագան պիտի չայլանդակուի», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Տիմանի հանդիպումը կոչ ուղղեց արագացնելու նախագահական ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց քաղաքական ուժերուն կողմէ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ Ազգային ուխտին գործադրութեան կառչածութիւնը:
Տիմանի հանդիպումը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ լիբանանեան հասարակութեան բոլոր շերտերը անկեղծ կերպով գործակցին` Լիբանանի մէջ գտնուող տեղահանուած սուրիացիներու թղթածրարին գծով միացեալ կեցուածք մը որդեգրելու: