Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Սեպտեմբերի Երկխօսութեան Առիթը Պէտք Է Լաւապէս Օգտագործել` Համաձայնութեան Յանգելու Համար»

Օգոստոս 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սեպտեմբերին կատարուելիք երկխօսութիւնը առիթ մըն է յանգելու նախագահական ընտրութեան թղթածրարի լուծման:

Ան հաստատեց, որ սեպտեմբերի երկխօսութեան առիթը պէտք է լաւապէս օգտագործել` յանգելու համար համաձայնութեան մը:

«Այդ առիթը պէտք չէ կորսնցնել: Եթէ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համաձայնինք, ապա ան հաստատ պիտի ընտրուի եւ Լիբանանը դուրս բերէ իր վատ իրավիճակէն, ինչպէս նաեւ վերստին բարգաւաճելու հունին մէջ պիտի մտցնէ երկիրը: Եթէ մենք չհամաձայնինք, ապա մուտք պիտի գործենք մութ փապուղի մը, եւ Լիբանան յաւելեալ սուղ գին պիտի վճարէ», ըսաւ ան:

Պըրրի շեշտեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական ուժերը սկիզբէն արդէն իսկ երկխօսութեան ուղին որդեգրած ըլլային, ապա նախագահական ընտրութեան տագնապը մեր ետին թողած կ՛ըլլայինք եւ ամիսներ առաջ շրջանցած կ՛ըլլայինք զայն:

Ան հաստատեց, որ ինք միշտ կոչ ուղղած է հանրապետութեան նախագահութեան պարագային դատարկութեան փուլէն զգուշանալու, ինչպէս նաեւ հրաւիրած է բոլորը սրտերու լուացման երկխօսութիւն կատարելու, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է իրականացնելու համար հիմնական նպատակը:

«Մենք հրաւիրեցինք զիրենք երկխօսութեան եւ մարտահրաւէր կարդացինք փաստելու, թէ լուրջ ենք թէ ոչ, սակայն անոնք խուսափեցան երկխօսութենէն, եւ այդ պատճառով ալ հասած ենք այս իրավիճակին», յայտնեց ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի անհետ կորսուելուն առիթով 31 օգոստոս 2022-ին արտասանած իր ճառին մէջ շեշտած է, թէ իրենք կը քաջալերեն եւ կը զօրակցին որեւէ հանդիպումի, որ կրնայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առումով ազգային համախոհութեան յանգիլ: «Օրին հաստատած եմ, իսկ այսօր կը վերահաստատեմ, որ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրական, գերիշխանական եւ զուտ ազգային գործընթաց մըն է, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ զայն վերածելու Լիբանանի շահերը հետապնդելու առիթի մը», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններ Կը Շրջին Սահմանային Կապոյտ Գիծին Մօտակայքը

Յաջորդը

Տիմանի Հանդիպումը Կոչ Ուղղեց Արագացնելու Նախագահական Ընտրութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?