Լիբանանեան

Մաուլաուի. «Ապահովութեան Ուժերը Ամբողջական  Կերպով Պատրաստ Վիճակի Մէջ Պիտի Ըլլան»

Մաուլաուի. «Ապահովութեան Ուժերը Ամբողջական Կերպով Պատրաստ Վիճակի Մէջ Պիտի Ըլլան»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, անցեալ շաբթուան միջադէպին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Այն Հելուէ գաղթակայանին զարգացումները: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մաուլաուի շեշտեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան բոլոր ուժերուն, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն առանցքային դերակատարութիւնը` պաշտպանելու Լիբանանին ապահովութիւնն ու...

Զօրավարներ Աուն Եւ Լազարօ Քննարկեցին  Բանակին Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Ուժերուն Միջեւ Գործակցութիւնը

Զօրավարներ Աուն Եւ Լազարօ Քննարկեցին Բանակին Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Միջեւ Գործակցութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ երկկողմանի գործակցութիւնը հեզասահ պահելու եւ աւելի եւս ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Միւֆթի Տըրիան Մեկնեցաւ  Սէուտական Արաբիա

Միւֆթի Տըրիան Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա: Ան Մեքքայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իսլամական հարցերու նախարար Ապտել Լաթիֆ պըն Ապտել Ազիզ Ալ Շէյխի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կրօնական շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ շեշտուեցան իսլամութեան մէջ միացեալ կեցուածքով ներկայանալու եւ իսլամութեան ազնուական արժանիքներն ու յատկանիշները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ նախարարութեան եւ Տար Ֆաթուայի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը...

Ուահապ. «Պասիլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ  Համաձայնութիւնը Վստահաբար Պիտի Գոյանայ»

Ուահապ. «Պասիլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Համաձայնութիւնը Վստահաբար Պիտի Գոյանայ»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական անվտանգութիւնը ամուր է` աւելցնելով, որ Այն Հելուէի եւ Քահալէի  ապահովական միջադէպերը ուղղակիօրէն կապ ունին գաղթակայանին մէջ տիրող հաւասարակշռութիւններուն եւ  Դիմադրութեան զէնքին հետ: Ուահապ բարձր գնահատեց Պըժժանի եւ Քասաս ընտանիքներուն գիտակից եւ իմաստուն վարուելակերպը` աւելցնելով, որ Քահալէի միջադէպը պէտք է ըլլայ պատմական լարուածութեան վերջը եւ ոչ...

Տըրղամ. «Հըզպալլայի, Պըրրիի  Եւ Ֆրենժիէի Մօտ Մթնոլորտը  Քաջալերելի Է»

Տըրղամ. «Հըզպալլայի, Պըրրիի Եւ Ֆրենժիէի Մօտ Մթնոլորտը Քաջալերելի Է»

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ իրենց եւ Հըզպալլայի մօտ կայ լուրջ կամք` փոխըմբռնումի եւ համաձայնութեան յանգելու իմաստով: Ան աւելցուց, որ իրենց հիմնական պահանջը վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ դրութիւնն է եւ պետութեան ստեղծումը: Տըրղամ հաստատեց, որ Հըզպալլայի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի մօտ մթնոլորտը քաջալերելի է` աւելցնելով, որ քանի մը օրէն կարելի է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Քաննուպինի մէջ նախագահեց Ս. պատարագի մը: «Մենք Լիբանանի հանդէպ մեր հաւատքը կը վերանորոգենք եւ զայն բնաւ յուսախաբ պիտի չընենք», ըսաւ ան: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց տալու յանդուգն...

Լիբանան Փրկուեցաւ Քահալէի Մէջ  Ստեղծուած Սադրանքի Սահանքէն

Լիբանան Փրկուեցաւ Քահալէի Մէջ Ստեղծուած Սադրանքի Սահանքէն

Անցեալ չորեքշաբթի երեկոյեան Քահալէի վայրէջքին վրայ Դիմադրութեան զինամթերքի փոխադրակառքի շրջելուն պատճառով ստեղծուածը Լիբանանի համար սադրանքի սահանք մըն էր, որմէ ան կրցաւ փրկուիլ: Դժբախտաբար այս չի նշանակեր, որ Լիբանանի ապահովութեան սպառնացող սադրանքներու վտանգը աւարտած է, ընդհակառակն` ան առկայ է աւելի քան երբեք եւ վտանգաւոր է, որովհետեւ երկրին մէջ կայ ապօրինի զէնքի իրականութիւն մը, որ բոլորին կը վերաբերի: Հակառակ երկրին մէջ տիրող...

Թոնի Ֆրենժիէ. «Այսօր Աւելի Քան  Երբեք Կառչած Կը Մնանք Մարատա Հոսանքի  Ղեկավարի Թեկնածութեան»

Թոնի Ֆրենժիէ. «Այսօր Աւելի Քան Երբեք Կառչած Կը Մնանք Մարատա Հոսանքի Ղեկավարի Թեկնածութեան»

Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի իրաւաբաններուն հետ, որոնք Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքային մաս կը կազմեն: Այս առիթով ան շեշտեց, որ երկիրը կարելի չէ իր դիմագրաւած իրերայաջորդ տագնապներէն փրկել` առանց արագացնելու հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի սահմանադրական կեանքը վերակազմաւորել եւ հեղինակութիւնը ապահովութեան ուժերուն վերադարձնել` քաղաքացին աւելի ապահով եւ ինքնավստահ զգացնելով: Թոնի Ֆրենժիէ ընդգծեց,...

Պասիլ. «Իրաւական Հաշուեքննութիւնը  Բացայայտած Է Վտանգաւոր Տեղեկութիւններ»

Պասիլ. «Իրաւական Հաշուեքննութիւնը Բացայայտած Է Վտանգաւոր Տեղեկութիւններ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն անդրադարձաւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու հոլովոյթին: Պասիլ նշեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն 2005-էն ի վեր պահանջած է իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկել Կեդրոնական դրամատան հաշիւները` աւելցնելով, որ 2021-ին ան կրցաւ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ պարտադրել իրաւական հաշուեքննութիւնը, հակառակ անոր որ օրին իր դէմ...

Սէյիտ Նասրալլա Այսօր Կ՛արտասանէ Ճառ Մը`  Յուլիսեան Պատերազմի Յաղթանակին Նուիրուած

Սէյիտ Նասրալլա Այսօր Կ՛արտասանէ Ճառ Մը` Յուլիսեան Պատերազմի Յաղթանակին Նուիրուած

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ ճառ մը` յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի 17-ամեակին առիթով: Սէյիտ Նասրալլա իր ճառին մէջ պիտի անդրադառնայ նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններուն: Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան խորհրդարանական յանձնախումբի մէկ պատուիրակութեան հետ` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ժալալ Զատէի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի...

Բանակը Ձերբակալեց  Շարք Մը Յանցագործներ

Բանակը Ձերբակալեց Շարք Մը Յանցագործներ

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութեան հետ գործակցաբար ձերբակալած է շարք մը յանցագործներ: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ բանակը 11 եւ 12 օգոստոս 2023-ին, Շատրա գիւղաքաղաքին, Խըրպեթ Ռըմման շրջանին, եւ Աքքարի Անատաքթ Օուէյնաթ ճամբուն վրայ ձերբակալեց 150 հոգի, որոնք ապօրինի կերպով կը փորձէին մուտք գործել Լիբանան: Բանակը Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ ձերբակալեց...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու  Հիմնադրութեան Տօնին Առիթով.   Ապպաս Իպրահիմ Կոչ Ուղղեց Կառոյցին Տոկալու  Ներկայ Պայմաններուն` Լիբանան Հայրենիքին  Ու Պատգամին Գոյատեւման Համար

Ընդհանուր Ապահովութիւնը Անցագիրներու Նոր Սակեր Կը Ճշդէ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկատուական գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն նշուեցաւ, որ 1 օգոստոս 2023-ին հրապարակուած թիւ 11767 հրամանագիրի գործադրութեան շրջագիծին մէջ ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը յայտարարէ, թէ լիբանանեան անցագիրներուն համար ճշդուած են նոր սակեր: Հետեւաբար 5 տարուան տեւողութեամբ լիբանանեան անցագիրի սակն է 6 միլիոն լ. ոսկի, 10 տարուան տեւողութեամբ լիբանանեան անցագիրի սակը` 10 միլիոն լ. ոսկի:  

Ապպաս Իպրահիմ. «Տիմանի Մէջ Ֆրենժիէի  Կատարած Յայտարարութիւնը Ամրագրեց  Նախագահական Ընտրութեան Անոր Առիթները»

Ապպաս Իպրահիմ. «Տիմանի Մէջ Ֆրենժիէի Կատարած Յայտարարութիւնը Ամրագրեց Նախագահական Ընտրութեան Անոր Առիթները»

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը եւ շրջուն սադրանքները հետեւանք են իրարու հետ չհաղորդակցելու ու ազգային երկխօսութիւնը մերժելու կեցուածքներուն: «Խորհրդակցութիւնն ու երկխօսութիւնը մերժելը կ՛ամրապնդէ վայրագութեան եւ ուժ բանեցնելու ուղղուածութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զարգացնէ լարուածութիւնն ու անկարգապահութիւնը», ըսաւ ան: Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ եթէ քաղաքական կայունութիւնը չամրապնդուի, ապա ապահովական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով յայտնեց, որ իրենք կը հաւատան նորահաս սերունդներուն եւ խաղաղութիւն տարածելու համար տարբեր ժողովուրդներուն միջեւ կամուրջներ հաստատելու անոնց կարողութիւններուն: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ տարբեր շրջաններու մէջ կալուածներու արձանագրութեան վարչութիւնները յառաջիկայ օրերուն պիտի վերսկսին...

Տիմանի Մէջ.   «Ներկայ Փուլը Վտանգաւոր Է  Եւ Հանդարտութեան Կարիք Ունի»   Շեշտեց Ֆրենժիէ

Տիմանի Մէջ. «Ներկայ Փուլը Վտանգաւոր Է Եւ Հանդարտութեան Կարիք Ունի» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ հայր Ըսթֆեն Ֆրենժիէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու զարգացումները: Ֆրենժիէ դարձաւ Ռայի պատրիարքին ճաշի հիւրը: Մեկնումի պահուն Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը աւանդական այցելութիւն մըն է, որուն նպատակն է ողջունել Ռայի պատրիարքին փոխադրութիւնը` մարոնի պատրիարքութեան ամարանոց: Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկումները եղած...

Պըրրի Ստացաւ Իրաւական  Հաշուետուութեան Տեղեկագիրը

Պըրրի Ստացաւ Իրաւական Հաշուետուութեան Տեղեկագիրը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ստացաւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկած «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան պատրաստած տեղեկագիրը: Տեղեկագիրը սեփականութիւնը դարձաւ նաեւ բոլոր երեսփոխաններուն: Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակն ու զարգացումները: Պըրրի ընդունեց նաեւ Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց...

Քահալէի Միջադէպի Զոհերէն Ֆատի Պըժժանիի  Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Քահալէի Միջադէպի Զոհերէն Ֆատի Պըժժանիի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Քահալէի վայրէջքին վրայ Դիմադրութեան զինամթերքը փոխադրող փոխադրակառքի շրջելուն պատճառով սպաննուած լիբանանցի քաղաքացի Ֆատի Պըժժանիի մարմինը երէկ յանձնուեցաւ հողին: Պըժժանիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը, որ ընդգծեց, թէ Քահալէի մէջ կատարուածը ազգային ողբերգութիւն մըն է, որ բնաւ եւ որեւէ պատճառով պէտք չէ կրկնուի: «Պէտք է վերջ տալ նման սպանութիւններուն եւ տխրութեան: Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր պատասխանատուներուն...

Մքերի. «Պետական Պատկերասփիւռի Կայանը  Չէ Փակուած, Եւ Մենք Կը Փորձենք Լուծել Հարցերը»

Մքերի. «Պետական Պատկերասփիւռի Կայանը Չէ Փակուած, Եւ Մենք Կը Փորձենք Լուծել Հարցերը»

Լիբանանի մէջ երէկ հրատապ հարցի եւ շրջանառութեան մէջ դրուած ու լայն տարածում գտած լուրի մը վերածուեցաւ պետական պատկերասփիւռի կայան «Թելէ Լիպան»-ի վերջնականապէս փակումին ակնարկող լուրը: Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ «Թելէ Լիպան»-ը չէ փակուած` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լուծելու համար կայանին սփռումը շարունակելու հարցերը, որոնք մեծաւ մասամբ կը վերաբերին պատկերասփիւռի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 13.000 լ. ոսկիով, մազութը` 42.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնաց նոյնը: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի...

Քահալէի Մէջ.   Դիմադրութեան Զինամթերքը Կրող Փոխադրակառքի Մը Շրջումը Կը Վերածուի Ապահովական Միջադէպի.  Մորիս Սլիմի Դէմ Մահափո՞րձ, Թէ՞ Կոյր Փամփուշտ

Քահալէի Մէջ. Դիմադրութեան Զինամթերքը Կրող Փոխադրակառքի Մը Շրջումը Կը Վերածուի Ապահովական Միջադէպի. Մորիս Սլիմի Դէմ Մահափո՞րձ, Թէ՞ Կոյր Փամփուշտ

Քահալէի մէջ Դիմադրութեան զինամթերքը փոխադրող փոխադրակառքը շրջելէն եւ ապահովական միջադէպի վերածուելէն տակաւին 24 ժամ չանցած երէկ յետմիջօրէին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի ինքնաշարժին ուղղութեամբ արձակուեցաւ փամփուշտ մը: Սլիմի տեղեկատուական գրասենեակը անմիջապէս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ժըսր էլ Պաշա շրջանին մէջ անոր ինքնաշարժի առաջնամասի ձախ ապակին ստացած է փամփուշտ մը, սակայն Սլիմն ու անոր ընկերակցող զինուորականները լաւ ու...

Page 254 of 987 1 … 253 254 255 … 987

Արխիւներ