Հակառակ այն իրողութեան, որ արեւելեան Սայտայի մէջ գտնուող պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զինեալ բախումները ամբողջութեամբ կանգ առած են եւ ուրբաթ օրուընէ ի վեր հանդարտութիւնը կը տիրէ գաղթակայանին մէջ եւ անոր շրջակայքը, Լիբանանի շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ Ծոցի երկիրներուն եւ մէկ եւրոպական երկրի դեսպանատուներուն կողմէ հրապարակուած զգուշացման հաղորդագրութիւններով:
Այս շրջագիծին մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` զգուշացնելով իր քաղաքացիները մօտենալու այն շրջաններէն, ուր զինեալ բախումներ կ՛արձանագրուին:
Սէուտական Արաբիա անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ սէուտցի քաղաքացիները անյապաղ մեկնին Լիբանանէն:
Սէուտական Արաբիոյ օրինակին հետեւեցաւ Քուէյթը, որ նոյնպէս կոչ ուղղեց Լիբանան գտնուող իր քաղաքացիներուն զգուշանալու եւ բախումներ ընդգրկող շրջաններէն հեռու մնալու:
Քաթարի եւ Օմանի դեսպանատուները իրենց կարգին կոչ ուղղեցին իրենց քաղաքացիներուն զգուշանալու այն շրջաններէն, ուր զինեալ բախումներ կան: Դեսպանատուները հրապարակեցին նաեւ իրենց հեռաձայնի թիւերը` խնդրելով, որ որեւէ շտապ պարագայի իրենց քաղաքացիները դիմեն դեսպանատուներ եւ ստանան համապատասխան ցուցմունքներն ու ապահովութիւնը:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներէն խնդրեց անմիջապէս լքել Լիբանանը` տեղի ունեցող զինեալ բախումներուն պատճառով:
Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի մէջ ապրող գերմանացի քաղաքացիները պէտք է հեռու մնան այն շրջաններէն, ուր բախումներ կ՛արձանագրուին, ինչպէս նաեւ դեսպանատունը տեղեակ պէտք է պահեն իրենց գտնուած վայրերուն մասին:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատարներ Ապտալլա Պու Հապիպի եւ Պասսամ Մաուլաուիի հետ քննարկեց երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` դեսպանատուներուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն լոյսին տակ:
Ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն հետ ստուգումներ կատարելէ ետք հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը ընդհանրապէս մտահոգիչ չէ, եւ իրարանցումի կարիք չկայ:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ, որ Այն Հելուէ գաղթակայանին զինեալ բախումները կարելի եղած է հակակշռել` քաղաքական եւ ապահովական հաղորդակցութիւններու լոյսին տակ:
Միքաթի պարտականութիւն տուաւ Պու Հապիպին Լիբանանի արաբ եղբայրներուն հետ կապի մէջ մնալու եւ անոնց մտահոգութիւնները փարատելու Լիբանանի մէջ ապրող անոնց քաղաքացիներուն անվտանգութեան առումով:
Միքաթի Մաուլաուիէն խնդրեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդը հրաւիրել ժողովի` քննարկելու համար այն մարտահրաւէրները, որոնք Լիբանան կը դիմագրաւէ շրջանային ներկայ լարուած պայմաններուն ընթացքին, եւ տալու լիբանանեան շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համապատասխան որոշումները:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը հերքեց զինուորական հեղինակութեան մը վերաբերող այն լուրերը, թէ բանակը կը պատրաստուի Այն Հելուէի մէջ զինուորական գործողութիւն մը իրականացնելու:
Բանակի հրամանատարութիւնը ընդգծեց, որ մօտէն կը հետեւի Այն Հելուէի մէջ տիրող կացութեան, եւ կոչ ուղղեց հետեւելու միայն իր կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն:
Իսկ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Այն Հելուէի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ գաղթակայանին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու ճիգերը` լիբանանեան բոլոր հեղինակութիւններուն հետ գործակցաբար:
Քուէյթ Ընդվզում Կը Յայտնէ Սալամի
Յայտարարութիւններուն Առնչութեամբ
Այլ գետնի վրայ դիւանագիտական հարց մը ծագելու սեմին էր Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի կատարած մէկ յայտարարութեան պատճառով:
Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սալեմ Սապահ ընդվզում յայտնեց Սալամի կատարած այն յայտարարութեան մասին, թէ Քուէյթ գրիչի հարուածով մը կրնայ կառուցել Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի շտեմարանը:
Սապահ եւ քուէյթցի պետական պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Քուէյթ հաստատութենական երկիր է, եւ քուէյթցիներուն գումարները գրիչի հարուածով մը կամ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը կարելի չէ կառավարել:
Անոնք Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութենէն բացատրութիւն պահանջեցին Սալամի յայտարարութեան առնչութեամբ:
Սապահ շեշտեց, որ Քուէյթի սահմանադրական հաստատութիւններն են, որոնք կ՛որոշեն ամէն բան` նոյնիսկ տպամադրուելիք մարդասիրական օժանդակութիւնները, հետեւաբար անոնք կը հսկեն Լիբանանի հետ իրենց եղբայրական յարաբերութիւններուն` մերժելով ներքին քուէյթեան որոշումներուն միջամտութիւնները:
Սապահ անհրաժեշտ նկատեց, որ Սալամ յետս կոչէ իր արտայայտութիւնը, եթէ նախանձախնդիր է երկկողմանի յարաբերութիւններու պահպանումին:
Այս շրջագիծին մէջ Սալամ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ դիւանագիտական տագնապ ստեղծել` աւելցնելով, որ ինք չարամտութեամբ չէ անդրադարձած Քուէյթի մէջ տիրող սահմանադրական գործունէութեան:
«Մենք կը խօսինք մարդասիրական հարցի մը մասին, եւ հաւանաբար որոշ արտայայտութիւն մըն էր Քուէյթի իշխանութիւնները նեղացնողը: «Գրիչի հարուած մը» արտայայտութեամբ նկատի ունէի այն, թէ Քուէյթ շատ արագ կրնայ համաձայնութիւն յայտնել եւ կառուցել Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի շտեմարանը: Արտայայտութիւնս բնաւ չէր միտեր հարուածել կամ խախտել քուէյթեան սահմանադրական կանոններն ու սահմանադրական հաստատութիւններուն որդեգրած աշխատանքային հոլովոյթը», ընդգծեց Սալամ:
Ան վերահաստատեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի պատմական յարաբերութիւններու պահպանումին:
Իր կարգին, Միքաթի հաստատեց Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ պատմական յարաբերութիւններու գոյութիւնը եւ յայտնեց, որ Լիբանան կը յարգէ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնալու սկզբունքը:
ՆՇԵՆՔ, որ Միքաթի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի շարունակուի 2023-ի պետական ամավարկի, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու քննարկումը:


