Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

August 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ ապահովական մարզերուն վերաբերող:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պըրրիի կատարած իր այցելութիւնը բնական եւ բարեկամական այցելութիւն է` նկատի ունենալով, որ Պըրրի դաշնակից է եւ պայքարի ընկեր:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են գրեթէ ամէն բան, սկսեալ` երկրին կլիմայէն մինչեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին իմաստով երեւցող դրական նշոյլները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող հարստութեան պեղումները, որոնց իրականացման իմաստով խորհրդարանի նախագահը մեծ ճիգեր ի գործ դրաւ:

Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց նաեւ խորհրդարանին կողմէ յայտարարուելիք գերիշխանական սնտուկի ստեղծումը, որ բոլոր լիբանանցիներուն կը վերաբերի, եւ որ շատ կարեւոր կը նկատուի:

Ապահովական զարգացումներուն մասին խօսելով` Ժոմպլաթ ակնարկեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ անոր զուգահեռ տարբեր դեսպանատուներուն կողմէ հրապարակուած զգուշացման հաղորդագրութիւններուն: «Անհասկնալի էր մեզի` իմ եւ Պըրրիի համար, որ զգուշացման այդ հաղորդագրութիւնները ինչո՛ւ հրապարակուած են դեսպանատուներուն կողմէ: Կարծէք կան իրադարձութիւններ, որոնցմէ անտեղեակ ենք, սակայն Այն Հելուէի պարագային արդէն կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի, իսկ պաղեստինեան-լիբանանեան ջանքերը լուծման կրնան յանգիլ», ըսաւ ան:

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարի շրջագիծին մէջ Պըրրիէն անջատուելու մասին լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով` Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Պըրրիէն չենք անջատուած, արդեօք պէ՞տք է մեր տասնամնայ միացեալ պատմութեան մասին խօսիմ: Խօսի՞մ, թէ ինչպէս ձախողցուցինք 17 մայիսը, արձանագրելով ազգային եւ արաբական հպարտալի նուաճում մը»:

Միւս կողմէ, Պըրրի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Այն Հելուէի զինեալ բախումները աշխարհագրական որոշ շրջանի մը մէջ ամփոփուած են եւ չեն ընդարձակուած` աւելցնելով, որ Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ քննարկած է այդ մասին, ինչպէս նաեւ հաստատած, որ դեսպանատուներուն կողմէ հրապարակուած զգուշացման հաղորդագրութիւնները իրենց համար անհասկնալի եղած են:

Անդրադառնալով Լիբանանի համար Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարած այցելութեան եւ ներկայացուցած առաջարկին` Պըրրիի հաստատեց, որ Լը Տըրիան հնգակողմանի հանդիպումին անունով Լիբանանին ազգային երկխօսութիւն առաջարկեց եւ ոչ թէ անջատ երկխօսութիւններ:

Պըրրի ընդգծեց, որ ինք մինչեւ վերջ կառչած կը մնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ եթէ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւնը արդիւնաւորուի, այն ատեն հարց տուէք ինծի, եթէ գո՞հ եմ, թէ՞ ոչ:

Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրիի կողմէ կառավարիչի պաշտօնի ստանձնումին մասին հարցումի մը պատասխանելով Պըրրի շեշտեց, որ թող Կեդրոնական դրամատան դրամի եւ վարկերու վերաբերող օրէնքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով գործադրուի:

Պատասխանելով իր դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներ որդեգրելու առաջարկին եւ Հըզպալլայի շարունակութիւնը նկատուելուն մասին հարցումի մը` Պըրրի ըսաւ. «Ես շարունակութիւնն եմ ամէն բանի, եւ ինչպէս նախապէս ըսած էի, ե՛ւ Պըրրի եմ, ե՛ւ ճնշումի չեմ ենթարկուիր»:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Կանայի արտաքին գործոց նախարար Շըրլի Պոչոուայն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի պատմական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս օրէնսդրական մարզին մէջ գործակցութիւնը բարելաւելու առումով:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Մաուլաուի. «Նոյնքան Յանձնառու Ենք Լիբանանի Մէջ Գտնուող Արաբներուն Անվտանգութեան, Ինչպէս Լիբանանցիներուն»

Յաջորդը

Այն Հելուէի Բախումները Վերջ Գտած Են, Իսկ Կառավարութիւնը 16 Օգոստոսին Պիտի Վաւերացնէ 2023-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 5, 2026
Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.