Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին մօտակայքը կազմակերպեց շրջագայութիւն մը, որուն մասնակցեցան Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն Լիբանանի ներկայացուցիչները:
Այցելութեան ընթացքին բանակին կողմէ բացատրութիւն տրուեցաւ անոնց սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ առկայ խախտումներուն եւ հարցերուն մասին:
Շրջագայութիւնը գլխաւորեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Մունիր Շահատէ:
Շահատէ յայտնեց, որ այդ այցելութեան նպատակն է Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն ցոյց տալ հարաւային Լիբանանի սահմանները, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը երկարաձգելու սեմին:
Շահատէ հաստատեց, որ իսրայէլացիները օրէնքն ու կանոնը չեն յարգեր` աւելցնելով, որ անոնք խախտած են Լիբանանի ծովային սահմանները` միջազգային ներկայացուցչութիւններուն ներկայութեան:
Շահատէ նշեց, որ սահմանագծում բառը փոխարինած են սահմանները ցոյց տալու եզրով` աւելցնելով, որ կան 14 կէտեր, որոնց շուրջ հարց գոյութիւն ունի, եւ որոնք բռնագրաւուած շրջաններ կը նկատուին` ընդգրկելով նաեւ Մազարեհ Շեպաան:
Շահատէ հաստատեց, որ Մազարեհ Շեպաան լիբանանեան հող է, եւ Լիբանան չի ճանչնար հոն գտնուող սահմանային Կապոյտ գիծը:
Շահատէ նկատել տուաւ, որ հիւսիսային Ղաժար անունով բան չէ մնացած այլեւս, որովհետեւ Ղաժար գիւղաքաղաքը սուրիական է: «Հետեւաբար մենք կը խօսինք Մարի գիւղաքաղաքին մասին, ուր հասած են իսրայէլեան շինարարական խախտումները», շեշտեց ան:
Շահատէ հաստատեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ օգոստոսի աւարտին գումարուելիք Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի թիւ 1701 բանաձեւը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութեան երկարաձգումը:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնէ լիբանանեան պահանջները, որոնք կը վերաբերին սահմանային վիճելի շրջաններուն:
Շահատէ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է պաշտպանելու վիճելի այդ շրջաններուն մէջ լիբանանեան գերիշխանութիւնը, եթէ պէտք ըլլայ նոյնիսկ ուժի գործածութեամբ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանդ Հըզպալլան եւ Լիբանանի կառավարութիւնը զգուշացուց` շեշտելով, որ Իսրայէլ պատրաստ է Լիբանանը քարէ դար վերադարձնելու, եթէ Հըզպալլա յարձակում մը սանձազերծէ:
Լիբանանի հետ սահմանային տարածքները կատարած իր այցելութեան ընթացքին Կալանդ իր խօսքը ուղղեց Հըզպալլային ու անոր ընդհանուր քարտուղարին եւ սպառնաց անոնց ըսելով. «Չսխալի՛ք»:
Կալանդ ընդգծեց, որ Իսրայէլ պիտի չվարանի իր ուժը օգտագործելու եւ Հըզպալլան ու Լիբանանը քանդելու: «Մենք չենք փափաքիր պատերազմիլ, սակայն պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր քաղաքացիները, զինուորներն ու գերիշխանութիւնը», ըսաւ ան: