Լիբանանեան

Սահմանագծում Կատարելու  Առումով`   Իսրայէլացի Նախարար Մը Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Լիբանանի Հետ Լուծման Մը Յանգելու

Ամերիկեան Ճնշումներուն Պատճառով Պու Հապիպի Նիւ Եորք Այցելութիւնը Կ՛ուշանայ

Իր դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ այլ տագնապներուն զուգահեռ Լիբանան կը գտնուի ներքին եւ արտաքին բնոյթ ունեցող քաղաքական լուրջ պայքարի մը սեմին, որ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան երկարաձգումին: Նախորդ 48 ժամերը Լիբանանի համար եղան արտաքին ճնշումներով լեցուն: Ճնշումներ` լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու վրայ, որոնք ուղղակի պատասխանատու են այս թղթածրարին: Այս շրջագիծին մէջ տեղեկատուական...

Ռայի Պատրիարք. «Անոնք Երկխօսութեան Ետին Կը Թաքնուին, Մինչդեռ Լուծումը Կը Կայանայ Նախագահ Ընտրելուն Մէջ»

Ռայի Պատրիարք. «Անոնք Երկխօսութեան Ետին Կը Թաքնուին, Մինչդեռ Լուծումը Կը Կայանայ Նախագահ Ընտրելուն Մէջ»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ երեկոյեան Զուք Մուսպեհի մէջ նախագահեց Եսուհ Մալաք վանքի վերանորոգուած եկեղեցւոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի արձանի լուսաւորման առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի: Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց բարեսիրական, կրթական, բժշկական եւ բարգաւաճման...

Մանսուրի Առաւելագոյն Չափով Կը Գործակցի Դատական Իշխանութիւններուն Հետ

Մանսուրի Առաւելագոյն Չափով Կը Գործակցի Դատական Իշխանութիւններուն Հետ

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար, Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի առաւելագոյն չափով կը գործակցի դատական իշխանութիւններուն հետ, յատկապէս Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկող «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան պահանջներուն ընդառաջելու, այլ խօսքով` ընկերութեան կողմէ պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը տրամադրելու, ինչպէս նաեւ որոշ հաշիւներէ գաղտնիութիւնը վերացնելու առումով: Մանսուրի Կեդրոնական դրամատան մէջ ներքին հաշուեքննութիւն մը կը կատարէ` իմանալու համար, թէ ինչո՞ւ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ»...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը գրաւեց լիբանանեան շուկային մէջ գտնուող իսրայէլեան արտադրութիւններ` հետապնդելէ ետք կարգ մը վաճառատուներ, որոնք իսրայէլեան որոշ արտադրութեանց շուկայադրումը կը կատարէին: Գրաւուած իրերը յանձնուեցան դատական համապատասխան ատեանին, իսկ վաճառողները հարցաքննութեան հրաւիրուեցան նոյն ատեանին կողմէ: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի...

Իշխանութեան Պետերը Այցելեցին Թիւ 9 Նաւթահորի Հորատման Հարթակը

Իշխանութեան Պետերը Այցելեցին Թիւ 9 Նաւթահորի Հորատման Հարթակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեցին հարաւային Լիբանանի ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 9 նաւթահորին վրայ զետեղուած հորատման հարթակը` ստուգելու համար հորատման  աշխատանքները սկսելու մեկնարկին վերաբերող գումակային աշխատանքները: Իշխանութեան զոյգ պետերուն ընկերակցեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, Նաւթի...

Միքաթի Ընդունեց Մակրոն Եւ Հերքեց Ռիատ Սալամէն Լիբանանէն Այլ Երկիր Փոխադրելու Լուրերը

Միքաթի Ընդունեց Մակրոն Եւ Հերքեց Ռիատ Սալամէն Լիբանանէն Այլ Երկիր Փոխադրելու Լուրերը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան գործակատար Էրվէ Մակրոն, որուն այցելութիւնը ունէր արարողակարգային բնոյթ` ծանօթանալու նպատակով: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի եւ Մակրօ քննարկեցին լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան օրաթերթերէն մէկը գրած է, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար...

Լը Տըրիանի Առաքելութիւնը Լրջութեամբ Կ՛ընկալուի Ամալ Շարժումին Եւ Հըզպալլայի Կողմէ

Լը Տըրիանի Առաքելութիւնը Լրջութեամբ Կ՛ընկալուի Ամալ Շարժումին Եւ Հըզպալլայի Կողմէ

Ի վերջոյ նախագահական ընտրութեան առաջնորդող նախապատրաստական աշխատանքը, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի կատարէր, հետզհետէ կը վտանգուի: Լը Տըրիան սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կիսուն պիտի այցելէ Պէյրութ` նախագահելու համար երկխօսութեան մը, որ կը ներառէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերն ու երեսփոխանական պլոքները, եւ որուն ընթացքին պիտի քննարկուին հանրապետութեան նոր նախագահի յատկանիշները: Այս շրջագիծին մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 3000 լ. ոսկիով, մազութը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 11.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են` 95 օքթան պենզինի թիթեղը` 1.793.000...

Լը Տըրիանի Ուղին Փշոտ Է Ու Դժուար

Լը Տըրիանի Ուղին Փշոտ Է Ու Դժուար

Նախագահական ընտրութեան իմաստով Լիբանանի մէջ ամէն բան տեղքայլի մէջ է,  բացի այն, թէ սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կիսուն Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ երկխօսութիւն մը կատարէ երկրին քաղաքական ուժերուն հետ, որոնք պիտի նեկայացնեն  հանրապետութեան յաջորդ նախագահի յատկանիշներուն մասին իրենց պատկերացումները: Սակայն Լը Տըրիանի ուղին փշոտ է, իսկ անոր առաքելութեան յաջողութիւնը...

Պըրրի Մանսուրիի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Իրավիճակը

Պըրրի Մանսուրիի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Իրավիճակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու յատկապէս տիրող ելեւմտական իրավիճակը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Պալպաքի Ռշայտ, որուն այցելութիւնը ունէր արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:    

Վարչապետարանին Մէջ.   «Միքաթի Յանձնառու Կը Մնայ Կրթական Յաջորդ Տարեշրջանին Յաջողութեան»  Շեշտեց Շեհայէպ

Վարչապետարանին Մէջ. «Միքաթի Յանձնառու Կը Մնայ Կրթական Յաջորդ Տարեշրջանին Յաջողութեան» Շեշտեց Շեհայէպ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերը, պաշտօնեաներու համագործակցականի նախկին նախագահ Անուար Տաուը եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կրթական հարցերու ներկայացուցիչ Սամիր Նաժըմը: Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է 2023-2024 կրթական տարեշրջանը փրկել` ապահովելով կրթական մարզի գործիչներուն ու պաշտօնէութեան իրաւունքները, որպէսզի կարելի ըլլայ...

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 11,42 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 6,8 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2023-ի յուլիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 6,8 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2023-ի յունիս ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 6,4 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 7,5 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 6,8 առ հարիւր: - Պեքաայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.550 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը`  85.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ բնական կազի ու նաւթի ապահոված շահերը պէտք չէ օգտագործել` փակելու համար Լիբանանի պետական պարտքն ու հատուցելու համար դրամատուներուն վնասները: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ հաստատեց, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը...

Միքաթի. «Չեմ Միտիր Պաշտօնավարութիւնս Դադրեցնել, Սակայն Համբերութեան Բաժակը Կրնայ Յորդիլ»

Միքաթի. «Չեմ Միտիր Պաշտօնավարութիւնս Դադրեցնել, Սակայն Համբերութեան Բաժակը Կրնայ Յորդիլ»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք չի միտիր իր պաշտօնավարութիւնը դադրեցնել` աւելցնելով սակայն, որ համբերութեան բաժակը կրնայ յորդիլ: «Եթէ նման վարուելակերպ շարունակուի եւ ընդառաջում չըլլայ, ապա բոլոր հաւանականութիւնները առկայ կրնան դառնալ ինծի համար», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ առաջին անգամը չէ, որ նման արգելակումներու դիմաց կը գտնուի: Միքաթի ընդգծեց, որ խորհրդարանը պէտք է համապատասխան քայլերուն դիմէ`...

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Պահանջուած Է Կասեցնել Քաղաքական Հաշիւներ Մաքրելու Վարուելակերպը»

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Պահանջուած Է Կասեցնել Քաղաքական Հաշիւներ Մաքրելու Վարուելակերպը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ զգուշացուց երկրին կացութիւնը լարուած պահելու եւ երկխօսութիւնը արգելակելու մօտեցումներէն, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական նիստերու մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլերէն: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Լիբանան արդէն իսկ կքած է քաղաքական, նախագահական, ելեւմտական եւ ընկերային ծանր տագնապներու տակ: Ան շեշտեց, որ պահանջուած է կասեցնել քաղաքական...

Հունգարիոյ Մէջ.  «Միասնաբար Կը Պայքարինք Տեղահանուածները Մեր Երկիրներուն Մէջ Բնակեցնելու Պարտադրանքին Դէմ»  Շեշտեց Պասիլ

Հունգարիոյ Մէջ. «Միասնաբար Կը Պայքարինք Տեղահանուածները Մեր Երկիրներուն Մէջ Բնակեցնելու Պարտադրանքին Դէմ» Շեշտեց Պասիլ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Հունգարիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փիթըր Սէարթոյի հետ: Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով, այս հանդիպումը կազմակերպուեցաւ Լիբանանի Պաթրուն եւ Հունգարիոյ Սեքեսֆեհերվար քաղաքներուն միջեւ համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրելու նպատակով: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Պասիլ յայտնեց, որ ինք Պաթրունէն կու գայ, այն քաղաքը, որ կը գտնուի...

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Շոշթարին

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Շոշթարին

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթավերջին ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Արեւմտեան Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով օգնական Մեհտի Շոշթարին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային առումով առկայ քաղաքական խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:  

Պու Սաապ. «Կը Հաւատամ Իսրայէլի Դէմ Որեւէ Տեսակի Դիմադրութեան Եւ Այդ Իմաստով Կեցուածքս Յստակ Է»

Պու Սաապ. «Կը Հաւատամ Իսրայէլի Դէմ Որեւէ Տեսակի Դիմադրութեան Եւ Այդ Իմաստով Կեցուածքս Յստակ Է»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 2019-ի «յեղափոխութեան» կարգ մը ռահվիրաները ուղղակիօրէն կը ֆինանսաւորուէին Կեդրոնական դրամատան կողմէ: Պու Սաապ դիտել տուաւ, որ 2019-ին երկրին մէջ գոյութիւն ունէին 14 հաշիւներ, որոնցմէ երեք միլիառ եւ 881 միլիոն տոլարի փոխանցում կատարուած էր դէպի օտար երկիրներ: «Աւելի ուշ անոնցմէ 8 հաշիւներու սեփականատէրեր մեկնեցան Լիբանանէն` իրենց հետ առնելով երեք միլիառ տոլար:...

Հայէլ Սըլլոմի Մէջ Սուրիացի Մը` Անձնասպան

Հայէլ Սըլլոմի Մէջ Սուրիացի Մը` Անձնասպան

Ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին Հայէլ Սըլլոմի մէջ սուրիացի մը անձնասպան եղաւ: Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլային հասած են տեղեկութիւններ, թէ սուրիացի Ուիսամ Տալա (23 տարեկան եւ Սուրիոյ Թալ շրջանէն), որ մասնակցած է Դամասկոսի «Սայիտաթ Զէյնապ» ուխտավայրը պայթեցնելու գործողութեան, ապօրինի կերպով մուտք գործած է Լիբանան եւ ուղղուած Հայէլ Սըլլոմ` ապաստանելու իր հարազատներուն մօտ: Հայէլ Սըլլոմի մէջ Հըզպալլա ներխուժում...

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողովին Քննարկուեցաւ Սահմանային Կապոյտ Գիծին Իրավիճակը

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողովին Քննարկուեցաւ Սահմանային Կապոյտ Գիծին Իրավիճակը

Անցեալ շաբաթավերջին Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի ժողով մը`  նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ Մունիր Շահատէի: ՖԻՆԻՒԼ-ի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ քննարկուած է սահմանային Կապոյտ գիծին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անոր մօտ քայլեր...

Page 252 of 987 1 … 251 252 253 … 987

Արխիւներ