Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը գրաւեց լիբանանեան շուկային մէջ գտնուող իսրայէլեան արտադրութիւններ` հետապնդելէ ետք կարգ մը վաճառատուներ, որոնք իսրայէլեան որոշ արտադրութեանց շուկայադրումը կը կատարէին: Գրաւուած իրերը յանձնուեցան դատական համապատասխան ատեանին, իսկ վաճառողները հարցաքննութեան հրաւիրուեցան նոյն ատեանին կողմէ:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա ընդունեց Հըզպալլայի բարձրաստիճան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն լուծման անհրաժեշտութիւնը: Ապի Մունա եւ Սէյիտ ընդգծեցին, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է բոլոր հարցերն ու տագնապները լուծելու:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան, ներքին հարցերու եւ քաղաքապետութեանց խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որուն հետ քննարկեց պաշտպանութեան նախարարութեան կառոյցներուն վերաբերող հարցեր: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւններն ու ներքին լիբանանեան զարգացումները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին ապահովական կայունութիւնը: Միւս կողմէ, Օսման ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց ազգային համախոհութեան` աւելցնելով, որ պլոքը տակաւին չէ որոշած, թէ ի՛նչ պիտի պատասխանէ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հարցումներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան երկարաձգումը Լիբանանի մէջ: Հաշեմ զգուշացուց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութեան վերաբերող նոր իրաւասութիւններ շուկայադրելու թշնամի Իսրայէլի դաւադիր միտումներէն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր խորհրդարանէն կատարած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ երկրագործներուն մեծամասնութիւնը հողի մշակումին համար քաղցկեղ պատճառող պարարտացուցիչներ կ՛օգտագործէ: Ան նշեց, որ այդ պարարտացուցիչներուն օգտագործումը Լիբանանի մէջ արգիլուած է` աւելցնելով, որ անոնք Սուրիոյ վրայով եւ Պէյրութի նաւահանգիստէն մաքսանենգութեամբ կը հասնին Լիբանան: Պու Ֆաուր հաստատեց, որ այս բոլորին մասին փաստեր պիտի ներկայացնէ:

Նախորդը

Ֆրանսական Բանակը Կը Հերքէ, Թէ Նիկերի Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Կատարելու Համար Ալճերիական Օդային Տարածքի Օգտագործման Դիմում Ներկայացուցած Է

Յաջորդը

Մանսուրի Առաւելագոյն Չափով Կը Գործակցի Դատական Իշխանութիւններուն Հետ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?