Ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին Հայէլ Սըլլոմի մէջ սուրիացի մը անձնասպան եղաւ:
Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլային հասած են տեղեկութիւններ, թէ սուրիացի Ուիսամ Տալա (23 տարեկան եւ Սուրիոյ Թալ շրջանէն), որ մասնակցած է Դամասկոսի «Սայիտաթ Զէյնապ» ուխտավայրը պայթեցնելու գործողութեան, ապօրինի կերպով մուտք գործած է Լիբանան եւ ուղղուած Հայէլ Սըլլոմ` ապաստանելու իր հարազատներուն մօտ:
Հայէլ Սըլլոմի մէջ Հըզպալլա ներխուժում մը կատարեց Տալայի բնակած շէնքը` զայն ձերբակալելու նպատակով, որովհետեւ տեղեկութիւններուն համաձայն, ան կը պատրաստուէր նաեւ Լիբանանի մէջ կատարելու ահաբեկչական գործողութիւն մը, որ նման էր «Սայիտաթ Զէյնապ» ուխտավայրը թիրախ դարձուցած պայթումին:
Հըզպալլայի ներխուժումին պատճառով Ուիսամ Տալա անձնասպան եղաւ` ինքզինք եօթներորդ յարկէն վար նետելով:
Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ Տալայի հայրն ու եղբայրը ձերբակալուեցան` աւելցնելով, որ բնակարանին մէջ ականուած գօտիներ չէին գտնուած:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին զինեալ բուռն բախումներ արձանագրուեցան նաեւ Հերմելի Ժըրմաշ շրջանէն երիտասարդներու միջեւ:
Իսկ պաղեստինեան Նահըր Պարետ գաղթակայանի մուտքին պայթած ձեռնառումբ մը պատճառ դարձաւ, որ երկու անձեր վիրաւորուին:
Նշենք նաեւ, որ Թրիփոլիի մէջ հարսանիքի մը ընթացքին պատահած թիւրիմացութեան մը պատճառով արձանագրուեցաւ կրակոց, որուն զոհ գնաց հարսին եղբայրը:
Դէպքին վայրը փութացին ապահովութեան ուժերը եւ կատարեցին ձերբակալութիւններ:


