Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութեան Պետերը Այցելեցին Թիւ 9 Նաւթահորի Հորատման Հարթակը

August 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեցին հարաւային Լիբանանի ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 9 նաւթահորին վրայ զետեղուած հորատման հարթակը` ստուգելու համար հորատման  աշխատանքները սկսելու մեկնարկին վերաբերող գումակային աշխատանքները:

Իշխանութեան զոյգ պետերուն ընկերակցեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, Նաւթի մարզի տնօրինման վարչական խորհուրդի նախագահ Ուիսամ Զահապի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Պըրրիի, Միքաթիի, նախարարի պաշտօնակատարներուն եւ հարաւային Լիբանան փոխադրուող մնացեալ պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն «Թոթալ»-ին պատկանող ուղղաթիռով ուղղուեցաւ Կանա:

Այս առիթով Պըրրի յայտնեց. «Տիրապետող մութի այս մթնոլորտին մէջ այսօր ուրախ օր է, որուն համար տարիներ աշխատած եմ, մինչեւ որ կարելի եղած է 1 հոկտեմբեր 2020-ին Այն Թինէէն յայտարարել սահմանագծումի վերաբերող համաձայնութիւնը: Այս ծիրին մէջ կը մաղթեմ, որ յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին Աստուած իր բարիքները տեղացնէ Լիբանանի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ տնտեսական տագնապը լուծելու նախաքայլի մը ձեռնարկած ըլլալ: Տնտեսական տագնապը լուծելով պիտի թօթափենք այն ծանր բեռը, որուն տակ կը կքին Լիբանանն ու լիբանանցիները, իսկ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահը, որ իր դերակատարութիւնը կը կատարէ իբրեւ քաղաքական տագնապի լուծման սկիզբ: Աստուած թող ընդառաջէ այս փափաքներուն, եւ բոլորս յոյսով ենք»:

Իր կարգին, Միքաթի նշեց, որ Լիբանանի վկայած այս կարեւոր նուաճումին առիթով կը յուսանք, որ յառաջիկայ օրերը Լիբանանի համար ըլլան բարեբեր` լուծելու համար այն բազմաթիւ տագնապները, որոնց տակ երկիրը կքած է:

«Պատահածը լիբանանցի համբերող եւ տառապող ժողովուրդին համար նուաճում մըն է, եւ կը մաղթենք, որ յառաջիկայ փուլը ըլլայ հայրենիքի փրկութեան եւ տարբեր մակարդակներու վրայ փլուզումի կասեցման փուլը: Ասիկա հայրենիքին համար օր մըն է, ինչպէս նաեւ պատմութեան համար լուսաւոր էջ մը», հաստատեց Միքաթի:

Նշենք, որ Ֆայեատ յայտնեց, որ թիւ 9 նաւթահորին պեղումը պիտի սկսի վաղը` հինգշաբթի, 24 օգոստոսին:

 

Նախորդը

Միքաթի Ընդունեց Մակրոն Եւ Հերքեց Ռիատ Սալամէն Լիբանանէն Այլ Երկիր Փոխադրելու Լուրերը

Յաջորդը

Օքամփօ. «Մենք Չենք Կրնար Ընդունիլ Հայոց Նոր Ցեղասպանութիւնը 2023 Թուականին»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.