Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ զգուշացուց երկրին կացութիւնը լարուած պահելու եւ երկխօսութիւնը արգելակելու մօտեցումներէն, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական նիստերու մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլերէն:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Լիբանան արդէն իսկ կքած է քաղաքական, նախագահական, ելեւմտական եւ ընկերային ծանր տագնապներու տակ:
Ան շեշտեց, որ պահանջուած է կասեցնել քաղաքական հաշիւներ մաքրելու վարուելակերպը, որովհետեւ անկէ կը տուժեն Լիբանանի ազգային շահերը:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց համախոհութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ փորձել տնօրինելու լիբանանեան ներքին տագնապը եւ լուծումներու յանգելու այդ իմաստով:
«Ճի՛շդ է, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ իր ուրոյն կեցուածքը ունի, սակայն անկարելի է քաղաքական այդ կեցուածքին կառչած մնալ` առանց նկատի ունենալու ժողովուրդին տառապանքը եւ անտեսելով քաղաքացիներուն շահերը», ըսաւ ան:
Թէյմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վերջ տալու բանակի զինուորական խորհուրդին մէջ արձանագրուած դատարկութեան փուլին, յատկապէս` սպայակոյտի պետի պաշտօնին առումով, որովհետեւ սպայակոյտի պետը միակն է, որ կրնայ բանակի հրամանատարին իրաւասութիւնները ստանձնել` բանակի հրամանատարութեան պաշտօնի թափուր մնալուն պարագային: