Նախագահական ընտրութեան իմաստով Լիբանանի մէջ ամէն բան տեղքայլի մէջ է, բացի այն, թէ սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կիսուն Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ երկխօսութիւն մը կատարէ երկրին քաղաքական ուժերուն հետ, որոնք պիտի նեկայացնեն հանրապետութեան յաջորդ նախագահի յատկանիշներուն մասին իրենց պատկերացումները:
Սակայն Լը Տըրիանի ուղին փշոտ է, իսկ անոր առաքելութեան յաջողութիւնը դժուար կը թուի ըլլալ` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը կը մերժէ մասնակցիլ երկխօսութեան, այլ խօսքով` իրենք զիրենք գերիշխանական ուժեր յորջորջող քաղաքական ուժերը կը մերժեն ընդառաջել Լիբանանի քաղաքական տագնապին համար միջազգային հնգակողմանի ժողովին ընթացքին առաջադրուած նախաձեռնութեան, որ ներկայացուած է նոյնինքն Լը Տըրիանի կողմէ:
Այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ 31 օգոստոս 2023-ին, Պըրրի դարձեալ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պիտի հրաւիրէ երկխօսութեան, բան մը, որ անցեալ տարի իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին յայտարարած էր Սուրէն:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Լիբանանի տագնապը միայն երկխօսութեամբ կարելի է լուծել` հաստատելով, որ այլընտրանքներ չկան:
Անոնք ընդգծեցին, որ Պըրրի կը քննադատէ երկխօսութիւնը մերժողները եւ Փարիզի կոչերուն չընդառաջողները` զանոնք նկատելով քաղաքական այն ուժերը, որոնք պարտութեան առաջնորդող ճակատամարտերը կը նախընտրեն:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Պըրրի շեշտած է, թէ ընդդիմութեան երեսփոխաններուն համար աւելի լաւ էր ընդառաջել Լը Տըրիանին` այլընտրանքներու վրայ գրաւ դնելու փոխարէն:


