Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Ճնշումներուն Պատճառով Պու Հապիպի Նիւ Եորք Այցելութիւնը Կ՛ուշանայ

Օգոստոս 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ այլ տագնապներուն զուգահեռ Լիբանան կը գտնուի ներքին եւ արտաքին բնոյթ ունեցող քաղաքական լուրջ պայքարի մը սեմին, որ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան երկարաձգումին:

Նախորդ 48 ժամերը Լիբանանի համար եղան արտաքին ճնշումներով լեցուն: Ճնշումներ` լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու վրայ, որոնք ուղղակի պատասխանատու են այս թղթածրարին:

Այս շրջագիծին մէջ տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին պահանջած է տասը հազար տոլար տրամադրել` հոգալու համար Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին իր մասնակցութիւնը բերելիք լիբանանեան պատուիրակութեան ծախսերը:

Միքաթի Պու Հապիպի պահանջը փոխանցած է ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլին, որ իր կարգին հաստատած է, թէ այդ ծախսերը պահանջող պաշտօնական յատուկ գիր մը պէտք է ներկայացնել նախարարութիւն:

Պու Հապիպի պատասխանը եղած է այն, որ պաշտօնական գիրի պատրաստութիւնը ժամանակ կրնայ խլել, եւ առաջարկած, որ կառավարութիւնը առ հաշիւ գումար տրամադրէ` կատարելու համար այդ ճամբորդութիւնը:

Ի տես այս առաջարկին, Խալիլ կառչած մնացած է իր պահանջին, որուն իբրեւ պատասխան Պու Հապիպ ակնարկած է այդ այցելութիւնը ջնջելու հաւանականութեան:

Այս քայլին դիմաց քաղաքական հաղորդակցութիւնները աշխուժացան եւ կարելի եղաւ Պու Հապիպի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան համար առ հաշիւ գումարը ապահովել, որպէսզի Պու Հապիպ մեկնէր Նիւ Եորք:

Միւս կողմէ, սակայն, սպրդեցան այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Պու Հապիպի ճամբորդութեան յետաձգուելուն պատճառներէն մէկը այն է, թէ նախարարի պաշտօնակատարը ՄԱԿ-ի խողովակով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացած է գիր մը, որ կը հաստատէ, որ Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պու Հապիպին ապահովական հսկողութիւն պիտի չտրամադրէ:

Պու Հապիպ այս գիրին մասին հարց տուաւ ՄԱԿ-ին, որ յորդորեց հարց տալ Պէյրութի մէջ ամերիկեան դեսպանատան, որմէ կարելի եղաւ յանգիլ այն մեկնաբանութեան, թէ այդ մէկը Պու Հապիպին ուղղուած ամերիկեան պատգամ մըն է, որ կը թելադրէ Նիւ Եորք չմեկնիլ:

Նշենք, որ Լիբանան կը ջանայ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին ջնջել անցեալ տարուան կատարուած բարեփոխումը, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կ՛արտօնէր ազատ շարժիլ, առանց լիբանանեան բանակին ընկերակցութեան:

Դիւանագիտական աղբիւրներ մեկնաբանեցին, թէ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ վաւերացուած այդ բարեփոխումը ջնջելը գրեթէ անկարելի է: Անոնք հաստատեցին, որ առաւելագոյն իրագործումը, որ Լիբանան կրնայ կատարել,  նախորդ տարուան բարեփոխումը պահելն է, առանց նոր եւ յաւելեալ բարեփոխումներու, որոնք կ՛ընդարձակեն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն իրաւասութիւնները:

Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ ամերիկեան եւ իսրայէլեան կողմերը` կարգ մը արաբական երկիրներու զօրակցութեամբ, կը ջանան յաւելեալ բարեփոխումներ կատարել եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իրաւասութիւնները ընդարձակել:

Այս շրջագիծին մէջ նշենք, որ շաբաթ մը ետք տրուելիք որոշումին նախագիծը Պէյրութի ներկայացուած է եւ հաստատուած, որ Լիբանանի պահանջներուն գոհացում պիտի չտրուի` նկատի ունենալով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ազատ շարժելու իրաւունքը ճշդող թիւ 16 եւ թիւ 17 յօդուածներուն դէմ Լիբանանի դիտողութիւնները:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Անոնք Երկխօսութեան Ետին Կը Թաքնուին, Մինչդեռ Լուծումը Կը Կայանայ Նախագահ Ընտրելուն Մէջ»

Յաջորդը

«Թոթալ» Ընկերութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միքաթիի Եւ Ֆայեատի

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?