Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիանի Առաքելութիւնը Լրջութեամբ Կ՛ընկալուի Ամալ Շարժումին Եւ Հըզպալլայի Կողմէ

Օգոստոս 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի վերջոյ նախագահական ընտրութեան առաջնորդող նախապատրաստական աշխատանքը, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի կատարէր, հետզհետէ կը վտանգուի:

Լը Տըրիան սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կիսուն պիտի այցելէ Պէյրութ` նախագահելու համար երկխօսութեան մը, որ կը ներառէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերն ու երեսփոխանական պլոքները, եւ որուն ընթացքին պիտի քննարկուին հանրապետութեան նոր նախագահի յատկանիշները:

Այս շրջագիծին մէջ Լը Տըրիանի հրաւէրին եւ ֆրանսական դեսպանատան ճամբով անոր յղած նամակին պատասխանները սահմանափակուած են քանի մը քաղաքական ուժով:

Լը Տըրիանի առաքելութիւնը լրջութեամբ կ՛ընկալուի Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի կողմէ, իսկ ընդդիմութեան երեսփոխաններուն մերժողական կեցուածքը ամբողջութեամբ իրարանցումի եւ յուսալքութեան մատնած է ֆրանսացիները:

Իրենք զիրենք անկախներ, գերիշխանականներ եւ փոփոխութեան հաւատացողներ կոչած մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնք համոզուած են, թէ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը ապարդիւն է, իրենց այդ համոզումով կը սպաննեն երկխօսութեան հրաւէրը եւ կ՛ահաբեկեն առիթ մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլար համախոհութիւն գոյացնել:

Ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն կողմէ Լիբանանի քաղաքական տագնապին համար միջազգային հնգակողմանի ժողովին առաջադրած նախաձեռնութիւնը մերժելու կեցուածքով եւ տիրող յոռետեսական մթնոլորտով հանդերձ, ֆրանսական աղբիւրները տակաւին կը հաստատեն, որ Լը Տըրիան պիտի վերադառնայ Պէյրութ եւ պիտի փորձէ փրկել Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման նախաձեռնութիւնը:

Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ Ֆրանսա պաշտօնապէս յայտարարէ, թէ Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութիւնը առկախուած է` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ անոր հետապնդելիք նախաձեռնութիւնը` ամբողջական երկխօսութիւնը պիտի չյաջողի, մերժողական կեցուածքներ որդեգրող քաղաքական ուժերուն պատճառով:

Այս կը նշանակէ, թէ Լիբանանը կրնայ ուղղուիլ դէպի յաւելեալ անորոշութիւն` տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային, ապահովական եւ քաղաքական այլ հետեւանքներ, ինչպէս նաեւ նախագահական դատարկութեան փուլի երկարաձգում:

Միւս կողմէ, շրջանառութեան մէջ են նաեւ կարգ մը այլ տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն` ամերիկեան եւ սէուտական կողմեր օրական դրութեամբ իրենց քայլերը կը համադրեն լիբանանեան ընդդիմութեան մաս կազմող երեսփոխաններու հետ:

Նոյն տեղեկութիւններուն համաձայն, ամերիկեան եւ սէուտական կողմերը կը ջանան արգելակել երկխօսութեան որեւէ փորձ կամ նախաձեռնութիւն` սպասելով յարմար պայմաններուն, որոնց ընթացքին պիտի սկսի նախագահական ընտրութեան նոր փուլ մը, եւ պիտի բացայայտեն իրենց հիմնական թեկնածուն` բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի Ընդունեց Մակրոն Եւ Հերքեց Ռիատ Սալամէն Լիբանանէն Այլ Երկիր Փոխադրելու Լուրերը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?