Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ 2000 մտաւորականներ անցեալ շաբաթավերջին ստորագրեցին յուշագիր մը, որ փոխանցուեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրիի: Տուեալ յուշագիրով անոնք Մանսուրիէն պահանջեցին իրաւական հաշուեքննութիւն կատարող «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան փոխանցել բոլոր այն փաստաթուղթերը, որոնք նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէ մերժած է նոյն ընկերութեան փոխանցել:...

Յ. Բագրատունի Չյուսալքուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Երիտասարդութեան

Յ. Բագրատունի Չյուսալքուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Երիտասարդութեան

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 17 օգոստոս 2023-ին դարձաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Շապապ էլ եաում» յայտագիրին հիւրը: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սերունդներուն միջեւ տարբերութիւններուն, եւ այս հարցի մասին խօսելով Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ անիկա բնական երեւոյթ է` նոյնիսկ հօր եւ որդիին կամ դստեր միջեւ: «Անշուշտ սերունդներուն միջեւ այդ տարբերութիւնները ժխտական իմաստով տագնապ կարելի...

Քահալէի Միջադէպին Գծով Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Քահալէի Միջադէպին Գծով Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Քահալէի վայրէջքին վրայ Դիմադրութեան զինամթերքի փոխադրակառքին շրջուն եւ անոր յաջորդած զինեալ բախումներուն մասին բացուած հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Այս շրջագիծին մէջ Քահալէի քաղաքապետարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ մինչ իրենք կը փորձեն Քահալէի մէջ արձանագրուած վէրքը ամոքել, զարմացած են, երբ իմացած են, թէ ապահովութեան ուժեր շրջանէն կարգ մը երիտասարդներ հարցաքննութեան կանչած են, առանց յստակ պատճառի: Քահալէի քաղաքապետարանը ընդգծեց, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 14.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութը` 22.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են` 95 օքթան պենզինի թիթեղը` 1.790.000...

Յ. Բագրատունի Ընդունեց «Անկախներ` Յանուն Լիբանանի Հանդիպում»-ի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յ. Բագրատունի Ընդունեց «Անկախներ` Յանուն Լիբանանի Հանդիպում»-ի Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի ներկայութեամբ, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց «Անկախներ` յանուն Լիբանանի հանդիպում»-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Քեմիլ Ալֆրետ Շամուն, Զիատ Շուէյրի, Րաֆֆի Մատէեան, Ժոզեֆ Մխայէլ, Իսա Նահհաս, Ամին Ապու Ժաուտէ, Քարին Քասաա, Սիրիլ Նաֆաա, Տիանա Ռըզքալլա, Ազիզ Աշքար, Անի Կէօչէրեան, Անթուան Գալայճեան, Այուպ Հիւսէյնի, Ժոզեֆ Մարուն...

Յ. Բագրատունի Չյուսալքուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Երիտասարդութեան

Յ. Բագրատունի Չյուսալքուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Երիտասարդութեան

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յետմիջօրէին դարձաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Շապապ էլ եաում» յայտագիրին հիւրը: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ իրերայաջորդ սերունդներուն միջեւ տարբերութիւններուն` ընդգծելով, որ անիկա բնական է եւ եթէ այդպէս չըլլայ, ապա զարգացում չ՛ըլլար: Յ. Բագրատունի ակնարկեց նաեւ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հայութեան որդեգրած դրական չէզոքութեան կեցուածքին` հաստատելով, որ հայրենիք կորսնցուցած հայը լաւ...

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Առկախուեցաւ Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Առկախուեցաւ Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած օրէնսդրական նիստը առկախուեցաւ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Խորհրդարան ներկայացան միայն 53 երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնէին Ազատագրում եւ բարգաւաճում, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան, Ժողովրդավարական հանդիպում, Ազգային չափաւորականութեան պլոքները, ինչպէս նաեւ անկախ երեսփոխաններ: Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին Հզօր Լիբանան եւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումները, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան երեսփոխաններ: Խորհրդարանին մէջ նիստին համար ճշդուած ժամէն...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ 5 Հազար Միլիառ Լ. Ոսկի Տրամադրել` 2023-2024 Կրթական Տարեշրջանը Վերսկելու Նպատակով

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ 5 Հազար Միլիառ Լ. Ոսկի Տրամադրել` 2023-2024 Կրթական Տարեշրջանը Վերսկելու Նպատակով

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք, նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի,  վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնց շարքին 2023-2024 կրթական տարեշրջանը վերսկսելու մարտահրաւէրները: Նիստին ընթացքին Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց, որ խորհրդարանը գումարէ օրէնսդրական նիստ մը` վաւերացնելու համար տնտեսական ապաքինման, դրամատնային մարզի վերակազմաւորման եւ ելեւմտական բացին հարցը լուծելու վերաբերող բոլոր օրէնքները: Նիստի աւարտին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն  Յայտնեց Հայաստանի Գերիշխանական Տարածքին Վրայ Ազրպէյճանական Զինուորական Գործողութիւններուն Մասին

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Լիբանան Կը Մերժէ Հիւրընկալել Ոչ Լիբանանցի Ոեւէ Ապօրինի Գաղթական»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան կը մերժէ հիւրընկալել ոչ լիբանանցի ոեւէ ապօրինի գաղթական, ինչ ալ ըլլայ այն կէտը, ուրկէ կատարուած է զայն փոխադրող նաւուն մեկնարկը: Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան,...

Քահալէի Մէջ.   Դիմադրութեան Զինամթերքը Կրող Փոխադրակառքի Մը Շրջումը Կը Վերածուի Ապահովական Միջադէպի.  Մորիս Սլիմի Դէմ Մահափո՞րձ, Թէ՞ Կոյր Փամփուշտ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունէ Լիբանանեան Բանակին Դերակատարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Քահալէի մէջ Հըզպալլայի պատկանող փոխադրակառքի մը շրջելուն, որուն պատճառով արձանագրուեցան երկու զոհեր եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ: Ան նկատել տուաւ, որ այդ դէպքը նորագոյն պատահարն է, որուն շրջագիծին մէջ Հըզպալլա ցոյց կու տայ, թէ ինք հետաքրքրուած է միայն իր անձնական շահերով եւ Իրանի շահերը ապահովելով, եւ ոչ թէ հետաքրքրուած է լիբանանցիներու անվտանգութեամբ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ իր հանդիպումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրը, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, որ Պասիլ յանձնառու կը մնայ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն հետ իր...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2023-ի Պետական  Ամավարկը, Իսկ Խորհրդարանը  Պիտի Գումարէ Օրէնսդրական Նիստ Մը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2023-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Խորհրդարանը Պիտի Գումարէ Օրէնսդրական Նիստ Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ դարձեալ խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին մէջ: Պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր, որոնք նկատի առնուած են օրէնսդրական նիստի այսօրուան օրակարգին վրայ: Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկը: Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ օրինագիծ մը,...

Նաւթի Եւ Կազի Հորատման  Նաւը Հասաւ Թիւ 9 Նաւթահոր

Նաւթի Եւ Կազի Հորատման Նաւը Հասաւ Թիւ 9 Նաւթահոր

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ երէկ յայտնեց, որ նաւթի եւ կազի հորատման նաւը հասած է թիւ 9 նաւթահոր: Աւելի ուշ «Թոթալ էնըրճիզ» ընկերութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հորատման նաւը, անոր անձնակազմն ու ուղղաթիռը արդէն իսկ հասած են հարաւային Լիբանան եւ լիբանանեան ջուրերուն վրայ կը գտնուին` կատարելու համար թիւ 9 նաւթահորի հորատման աշխատանքները: Հաղորդագրութիւնը...

Սէյիտ Նասրալլա. «Եթէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ  Պատերազմ Սանձազերծէ, Ապա Զայն  Քարէ Դար Պիտի Վերադարձնենք»

Սէյիտ Նասրալլա. «Եթէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ Պատերազմ Սանձազերծէ, Ապա Զայն Քարէ Դար Պիտի Վերադարձնենք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երկուշաբթի, 14 օգոստոս-2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, նուիրուած` 2006-ի յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի 17-ամեակին: Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ քանի մը օր ետք Լիբանան պիտի ժամանէ նաւթի ու կազի հորատման նաւ մը, որուն նկատմամբ լիբանանցիները յոյսով պիտի լեցուին` նկատի ունենալով, որ ան ներկայ շրջափակումին վերջ տալու իմաստով յոյս ներշնչող միակ առիթն...

Անուններու Արձանագրութեան Իմաստով  Արտերկրի Լիբանանցիները Քաջալերելու  Արշաւին Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Շիրազի Դէմ Ահաբեկչական Գործողութիւնը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը դատապարտեց Շիրազ քաղաքին դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնը` ցաւ յայտնելով արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար: Նախարարութիւնը Իրանի, անոր կառավարութեան եւ իրանցի ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնեց, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: Նախարարութեան դատապարտանքին մէջ շեշտուեցաւ, որ Շիրազի դէմ ՏԱՀԵՇ-ի գործած ոճրային այս արարքին նպատակն է Իրանի ապահովական կայունութիւնը խախտել, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու...

Տիմանի Մէջ.   «Նախագահական Ընտրութիւնը  Յապաղեցնելու Բացատրութիւն Չկայ»   Շեշտեց Քարամէ

Տիմանի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Յապաղեցնելու Բացատրութիւն Չկայ» Շեշտեց Քարամէ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն` ընկերակցութեամբ Ալա Ժլէյլաթիի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քարամէ յայտնեց, որ ինք տարեկան դրութեամբ կ՛այցելէ Տիման` ողջունելու Ռայի պատրիարքին փոխադրութիւնը մարոնի պատրիարքութեան ամարանոց: Ան նշեց նաեւ, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով իր շնորհաւորութիւնները ներկայացուցած է Ռայի պատրիարքին եւ անոր հետ քննարկած շարք...

Մանսուրի Պահանջեց Սառեցնել  Ռիատ Սալամէի Եւ Այլոց Հաշիւները

Մանսուրի Պահանջեց Սառեցնել Ռիատ Սալամէի Եւ Այլոց Հաշիւները

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար, Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ նշուեցաւ, որ Կեդրոնական դրամատան հետաքննութեան յատուկ խորհուրդը` հիմնուելով խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի տեղեկագիրին վրայ, միաձայնութեամբ որոշած է վերջնականապէս սառեցնել Ռիատ, Նատի եւ Ռաժա Սալամէներու, Մարիան Հուէյիքի եւ Աննա Քոզաքովայի բոլոր հաշիւները, որոնք կը գտնուին Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դրամատուներուն մէջ: Հրամանագիրը կը պահանջէ նաեւ վերացնել անոնց հաշիւներուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 18.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 18.000 լ. ոսկիով, մազութը` 30.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 22.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են 95 օքթան պենզինի թիթեղը` 1.776.000...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2023-ին: Մեր յաջորդութիւնը` հինգշաբթի, 17 օգոստոսին:

Ֆատի Ալամէ Ռիզայի Հետ Քննարկեց Սուրիացի  Տեղահանուածներու Թղթածրարին Վերաբերող Հարցեր

Ֆատի Ալամէ Ռիզայի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Վերաբերող Հարցեր

Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ եւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու Լիբանանի համակարգող  Օմրան Ռիզան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բաժանմունքին միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը, որուն լոյսին տակ Լիբանանի պիտի յանձնուին հոն գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող տեղեկութիւնները:...

Page 253 of 987 1 … 252 253 254 … 987

Արխիւներ