Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Ընդունեց Մակրոն Եւ Հերքեց Ռիատ Սալամէն Լիբանանէն Այլ Երկիր Փոխադրելու Լուրերը

August 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան գործակատար Էրվէ Մակրոն, որուն այցելութիւնը ունէր արարողակարգային բնոյթ` ծանօթանալու նպատակով:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի եւ Մակրօ քննարկեցին լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան օրաթերթերէն մէկը գրած է, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ամէն ջանք ի գործ դրած են, որ Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէ ապահով կերպով փոխադրուի Կիպրոս եւ հոնկէ դէպի երրորդ երկիր:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ըստ նոյն օրաթերթին, այս գործողութեան հիմամբ Լիբանան համաձայն գտնուած է սուրիացի հարիւրաւոր տեղահանուածներ Լիբանան վերադարձնել:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ լիբանանեան օրաթերթին հրատարակած այդ լուրը ամբողջութեամբ անճիշդ է եւ իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Նշենք նաեւ, որ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրականութեան թղթածրարին յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Նախարարական յանձնախումբը, լսելէ ետք Հայեքի զեկուցումը` Ելեկտրականութեան ընկերութեան որդեգրած նոր քայլերուն մասին, ընկերութենէն պահանջեց շարունակել գաղթականներու յատուկ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատարին հետ բանակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ ապահովել սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայաններուն սպառած ելեկտրական հոսանքին համապատասխանող գումարները գանձել եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան նիւթական մուտք ապահովել:

Նախարարական յանձնախումբը Ելեկտրականութեան ընկերութենէն պահանջեց նաեւ ելեկտրական հոսանքի մատակարարման նոր սակերը ճշդել, ինչպէս նաեւ յայտնել կազ օյլի իր պահեստին մասին:

 

Նախորդը

Լը Տըրիանի Առաքելութիւնը Լրջութեամբ Կ՛ընկալուի Ամալ Շարժումին Եւ Հըզպալլայի Կողմէ

Յաջորդը

Իշխանութեան Պետերը Այցելեցին Թիւ 9 Նաւթահորի Հորատման Հարթակը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.