Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք չի միտիր իր պաշտօնավարութիւնը դադրեցնել` աւելցնելով սակայն, որ համբերութեան բաժակը կրնայ յորդիլ:
«Եթէ նման վարուելակերպ շարունակուի եւ ընդառաջում չըլլայ, ապա բոլոր հաւանականութիւնները առկայ կրնան դառնալ ինծի համար», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ առաջին անգամը չէ, որ նման արգելակումներու դիմաց կը գտնուի:
Միքաթի ընդգծեց, որ խորհրդարանը պէտք է համապատասխան քայլերուն դիմէ` հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ փակել երկիրը սպաննող նախագահական դատարկութեան փուլին էջը:
Միքաթի նկատել տուաւ նաեւ, որ այս բոլորին կողքին ոմանք դիտմամբ կը խոչընդոտեն դրամատնային մարզը վերակազմաւորելու օրէնքը:
Ան նշեց, որ դրամատուները ամուլ վիճակի մէջ են եւ ելեւմտական համաշխարհային շուկային հետ գործելէ դադրած են: «Այս իրավիճակը առիթ պիտի տայ, որ երկրին դրամատնային մարզը շրջափակուի, եւ անոր հասնին շարք մը յանցանքներ, ինչպէս` դրամի լուացում եւ փտածութեան գործողութիւն: Այս բոլորը պատճառ պիտի դառնան, որ Լիբանանի ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակը աւելի եւս բարդանայ ու վատթարանայ» յայտնեց ան:
Միքաթի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ իր նախագահած կառավարութիւնը վերածել կռփամարտի պարկի, որ մնայուն հարուածներու ենթակայ է:
Միքաթիի Այցելուները
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մանրամասնութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան ելեւմտական գործառնութիւններու տնօրէն Աննա Պայարտի, որ քանի մը օրուան աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթընէն եկած էր Լիբանան:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէն, փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամին եւ Միքաթիի խորհրդական, նախկին նախարար Նիքոլա Նահհասը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան ֆինանսաւորած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ զանոնք խոչընդոտող արգելքները վերացնելու միջոցները: