Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասերը, պաշտօնեաներու համագործակցականի նախկին նախագահ Անուար Տաուը եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կրթական հարցերու ներկայացուցիչ Սամիր Նաժըմը:
Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է 2023-2024 կրթական տարեշրջանը փրկել` ապահովելով կրթական մարզի գործիչներուն ու պաշտօնէութեան իրաւունքները, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել Լիբանանի պետական դպրոցները:
Շեհայէպ նշեց, որ հիմնականին մէջ քննարկուեցան կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին վաւերացուած 5000 միլիառ լ. ոսկի գումարը ինչպէ՛ս ծախսելու եւ ինչի՛ յատկացնելու մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ այդ գումարները պէտք է օրինաւոր կերպով հասնին դպրոցներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ պէտք է երաշխաւորուի կրթական յաջորդ տարեշրջանը սկսելու կարեւորութիւնը:
Շեհայէպ հաստատեց, որ եթէ գումարները դպրոցներուն եւ ուսուցիչներուն չյատկացուին, ապա անկարելի պիտի ըլլայ պետական դպրոցներուն մէջ նոր վերամուտ յայտարարել, որովհետեւ ուսուցիչները կառչած կը մնան իրենց իրաւունքներու պահանջին:
«Ժամանակը հասած է, որ բոլորը համոզուին, որ երկրին մէջ կրթութիւնն ու ուսումը իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացիի իրաւունքն է` աւելցնելով, որ կրթութեան մարզին մէջ կատարուելիք իսկական ներդրումը ուսուցիչին հասնիլն է, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն պահպանումը», ըսաւ ան:
Շեհայէպ հաստատեց, որ Միքաթի յանձնառու կը մնայ յաջորդ տարեշրջանի յաջողութեան` աւելցնելով, որ իրենք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատարին ու պատկան բոլոր մարմիններուն հետ պիտի քննարկեն այս հարցը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պետական դպրոցներուն ելեւմտական օժանդակութիւն հայթայթելու աշխատանքներուն:
Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց դրամի եւ վարկերու յատուկ կանոնները բարեփոխելու ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, նախկին նախարարներ Իպրահիմ Նաժժար եւ Շաքիպ Քըրթպաուի, դոկտ. Նասրի Տիապ, ինչպէս նաեւ տնտեսագէտներ Ապտել Հաֆիզ Մանսուր, Հասան Սալեհ եւ Ղասսան Այյաշ:
Ժողովէն ետք Խուրի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին որոշուած է դրամի եւ վարկերու հիմնական կանոններուն չդպչիլ, սակայն կան նաեւ այլ կէտեր, որոնք կրնան ձեւական բարեփոխումներու ենթարկուիլ:
Միքաթիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որուն հետ քննարկեց Նիւ Եորք կատարելիք անոր այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք կը վերաբերին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելուն:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի:


