Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար, Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրի առաւելագոյն չափով կը գործակցի դատական իշխանութիւններուն հետ, յատկապէս Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկող «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան պահանջներուն ընդառաջելու, այլ խօսքով` ընկերութեան կողմէ պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը տրամադրելու, ինչպէս նաեւ որոշ հաշիւներէ գաղտնիութիւնը վերացնելու առումով:
Մանսուրի Կեդրոնական դրամատան մէջ ներքին հաշուեքննութիւն մը կը կատարէ` իմանալու համար, թէ ինչո՞ւ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան բոլոր փաստաթուղթերը չեն տրամադրուած` գիտնալով հանդերձ, որ Կեդրոնական դրամատան կեդրոնական խորհուրդը նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէէն պահանջած է ընդառաջել միջազգային իրաւական հաշուեքննութեան եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն կամ փաստաթուղթ պահել:
Միւս կողմէ, կարգ մը տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Մանսուրի անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ եւ քննարկած այդ կառոյցներուն նիւթական ու գումակային կարիքները:
Մանսուրի շեշտած է, որ Կեդրոնական դրամատան համար կան կարմիր գիծեր, յատկապէս ապահովական կառոյցներուն մէջ ծառայողներուն ամսական աշխատավարձերուն գծով:


