ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պետական գանձարկղի վարչութեան պաշտօնեաները արդէն իսկ պատրաստած են ծառայութեան մէջ եղող թէ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն աշխատավարձերը` աւելցնելով, որ անոնք այսօր` հինգշաբթի, 7 մարտ 2024-ի առաւօտեան կրնան ստանալ իրենց աշխատավարձերը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց երեսփոխան Իմատ Հութը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԱԶԳԱՅԻՆ չափաւորական պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ պլոքը կը շարունակէ իր դերակատարութիւնը` չէզոքացնելու համար այն արգելակները, որոնք նախագահական ընտրութիւնը կը խոչընդոտեն: Ան աւելցուց, որ համախմբումին նախաձեռնութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխանները երէկ խորհրդարանին մէջ հրաւիրեցին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ընդգծեցին քաղաքապետական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու կարեւորութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց երեսփոխան Մոհամետ Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով արձանագրուած զարգացումները հաստատութենական համոզումը կը շրջանցեն` աւելցնելով, որ նախագահական դատարկութեան փուլին վերջ մը տալու միակ միջոցը սահմանադրական գործիքակազմն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնացին Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է թշնամի Իսրայէլին ապահովութիւնը պահպանել:
ԱԶԳԱՅԻՆ չափաւորական պլոքի երեսփոխան Սաժիհ Աթիէ յայտնեց, որ պլոքը երկրորդ շրջապտոյտ մը պիտի կատարէ երեսփոխանական միւս պլոքներուն` աւելցնելով, որ առաջին շրջապտոյտը եւ պլոքին ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը բացառիկ դրական մթնոլորտ ստեղծած են:
ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ զինադուլը այս շաբաթավերջին պիտի յայտարարուի: Ան աւելցուց նաեւ, որ պատերազմին կասեցումը կը նշանակէ Իսրայէլի պարտութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Դիմադրութեան առանցքը պատասխանատու է նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու` աւելցնելով, որ լուծումը կը կայանայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերու հրաւիրելու քայլին մէջ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք տակաւին Ազգային չափաւորական պլոքին վերջնական պատասխան չեն տուած` աւելցնելով, որ ներկայիս իրենք նախագահական ընտրութեան այլ թեկնածու մը չունին: «Հըզպալլայի նախագահական թեկնածուն Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն է», ըսաւ ան:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ
Թլայսը, որուն հետ քննարկեց ցամաքային փոխադրութեան մարզի պաշտպանութեան վերաբերող հարցերը` ընդգծելով այդ մարզին մէջ ապօրինի կերպով գործողներուն դէմ օրէնքները գործադրելու կարեւորութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Ուզահիի մէջ ձերբակալած է երկու սուրիացի քաղաքացիներ, որոնցմէ մէկը կը պատկանի արական սեռին` Ռ. Մ. անուան սկզբնատառերով, ծնեալ` 2002-ին, իսկ միւսը կը պատկանի իգական սեռին` Շ. Պ. անուան սկզբնատառերով, ծնեալ` 2007-ին: Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալեալներուն մօտ մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ գրաւեց:


