Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Նուիրուած Ուղեգիծի Մեկնարկ. Մաուլաուի. «Կարելի Չէ Պէյրութը Իբրեւ Ցեղապաշտ Մայրաքաղաք Ամբաստանել»

March 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը կազմակերպեց հաւաք մը, որուն ընթացքին մեկնարկը կատարուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներուն օրինական կարգավիճակն ու անոնց տունդարձը  կազմակերպելու ուղեգիծին:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ Լիբանանի գոյութիւնը սպառնալիքի տակ չէ, որովհետեւ ան պիտի մնայ եւ արդէն իսկ բոլորիս հոգիներուն մէջ կայ:

Մաուլաուի շեշտեց, որ իրենք կ՛առաջնորդուին Լիբանանի ազգային գերագոյն շահերը ապահովելու սկզբունքներով եւ իբրեւ միջոց կ՛օգտագործեն օրէնքը` յանձնառու մնալով մարդկային իրաւունքները յարգելու արժանիքին:

Մաուլաուի հաստատեց, որ իրենք Լիբանանի մէջ օրէնքները պիտի գործադրեն` աւելցնելով, որ Լիբանանի հասցէին ոչ մէկ սպառնալիք ընդունելի է իրենց համար, ինչպէս նաեւ անընդունելի է, որ լիբանանցիները գաղթեն երկրէն, որովհետեւ անոնք իրենց երկրին մէջ աշխատանքի առիթներ գտնելու հարց ունին, մինչդեռ սուրիացի տեղահանուածները, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ լիբանանեան գիւղաքաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ աշխատանքներ կը ստանձնեն եւ լիբանանցիներուն տեղը կը գրաւեն:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ իրենք պատասխանատու են պահպանելու Լիբանանի դիմագիծն ու ինքնութիւնը, իսկ Պէյրութը, որ ամբողջ աշխարհը կ՛ընդգրկէ եւ կրնայ բաղկացնել, չի կրնար ամբաստանուիլ իբրեւ ցեղապաշտութեան մայրաքաղաք:

«Կը մերժենք այս ամբաստանութիւնը եւ կ՛ընդգծենք, որ պէտք է տունդարձի յստակ ծրագիր մը մշակել», շեշտեց ան:

Մաուլաուի պատրաստակամութիւն յայտնեց միջազգային եւ արաբական հասարակութիւններուն հետ գործակցելու` մշակելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի յստակ ուղեգիծ մը եւ լուծելու համար այս տագնապը:

Պայսարի. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Կարաւան Մը
Մօտիկ Ապագային Տունդարձ Պիտի Կատարէ»

Իր կարգին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի նոյն հաւաքին ընթացքին յայտնեց, որ այն ուղեգիծը, որուն մեկնարկը կը կատարուի այսօր, կը մատնանշէ տեղահանուածներուն պատճառած տագնապին արմատները եւ կ՛անդրադառնայ տեղահանուածներուն ապահով եւ կամովին տունդարձ կատարելու հոլովոյթին:

Պայսարի ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մօտ չարձանագրուած նորածիններու թիւը ամէնէն վտանգաւոր հարցերէն մէկն է եւ անիկա կը խանգարէ տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին լուծումը: Ան աւելցուց, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը` գործակցութեամբ ներքին գործոց նախարարութեան, ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արձանագրելու համար բոլոր տեղահանուածները:

Պայսարի նկատել տուաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու կարաւան մը մօտիկ ապագային տունդարձ պիտի կատարէ` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը այդ իմաստով բոլոր դիւրութիւնները տրամադրած է:

Պայսարի ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի լիբանանեան մարդուժը պահպանելու, ինչպէս նաեւ ապօրինի կերպով կալուածներու վաճառքը` ոչ լիբանանցիներու, արգիլելու:

«Լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը պահպանելու համար ճիգ պիտի չխնայենք, ինչպէս նաեւ պիտի վերահաստատենք կամովին տունդարձ կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ պիտի պայքարինք դէպի Լիբանան ապօրինի գաղթականութեան դէմ», ընդգծեց Պայսարի:

Նախորդը

Ֆատի Ալամէ Եւ Ապի Ռամիա Տիտիէի Հետ Քննարկեցին Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Յաջորդը

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Թէժ Ռմբակոծումներ Եւ Զինուորական Գործողութիւններ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.