ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 6000 լ. ոսկիով, պիւթակազին սակը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը նուազած է 15.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.663.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.701.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.594.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 946.000 լ. ոսկի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանին հետ պայմանագիր ստորագրած դասախօսները երէկ բողոքի նստացոյց մը կատարեցին կրթութեան նախարարութեան դիմաց` պահանջելով ընդառաջել իրենց պահանջներուն եւ իրագործել իրենց իրաւունքները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Սելիմ Սայեղ կոչ ուղղեց կրթութեան մարզին իմաստով նուիրատուներուն յանձնառու գտնուելու եւ իրենց նուիրատուութիւնները տրամադրելու հարաւային Լիբանանի դպրոցներուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը տակաւին պատերազմի զէնքերուն եւ զինամթերքին պահեստանոցները չէ բացած` աւելցնելով, որ այս մասին թշնամի Իսրայէլ քաջատեղեակ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբուն վրայ ձերբակալած է լիբանանցի մը` Հ. Թ., ծնեալ` 1995-ին, որ Լեռնալիբանանի մէջ գտնուող եկեղեցիներ գողցած է: Ներքին ապահովութեան ուժերը յանցագործին մօտ գտած ու գրաւած են թմրեցուցիչ եւ կեղծուած դրամ:


