Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւններն ու օրէնսդրական շարք մը հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Միջազգային կարմիր խաչի Միջին Արեւելքի պատասխանատու Ֆապրիզիօ Քարպոնին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու շրջանին մէջ Միջազգային կարմիր խաչի ծրագիրները:
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ իրենք Ազգային չափաւորական պլոքին կողմէ ներկայացուած` նախագահական ընտրութեան մասին նախաձեռնութեան նկատմամբ դրական մօտեցում ցուցաբերած են` աւելցնելով, որ պլոքին նախաձեռնութիւնը յստակ է եւ ծալքեր չի պարունակեր:
«Այդ նախաձեռնութեան նկատմամբ կատարեալ հաւանութիւն ցուցաբերեցինք, եւ պլոքի երեսփոխաններուն հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին բոլոր մանրամասնութիւնները», ըսաւ ան:
Պըրրի շեշտեց, որ միջլիբանանեան երկխօսութիւնը կամ խորհրդակցութիւնը կարեւոր է` նախագահական ընտրութեան իմաստով համախոհութիւն գոյացնելու, սակայն եթէ անկարելի ըլլայ հանրապետութեան յաջորդ նախագահին մասին համաձայնութիւն գոյացնել, ապա ինք պատրաստ է խորհրդարանի մէկ, երկու, երեք եւ չորս իրերայաջորդ նիստեր գումարելու` նախագահի ընտրութեան նպատակով: Իսկ եթէ անկարելի ըլլայ այդ մէկը, ապա ինք ստիպուած է փակել նիստն ու ատենագրութիւնը եւ մօտիկ ապագային այլ նիստի մը հրաւիրել:
Պըրրի նշեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը բաց ձգելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ խորհրդարանի օրէնսդրական դերակատարութեան համար` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը երկրին մէջ սահմանադրական միակ հաստատութիւնն է, որ տակաւին կը գործէ օրինաւոր կերպով: «Իրականութիւն մը, որուն մասին համաձայնութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը», աւելցուց ան:
Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց երկխօսութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ նախքան Տոհայի համաձայնութեան յանգիլը, ինք առաջարկած էր փաթեթային համաձայնութիւն մը` իբրեւ լուծում Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին, սակայն ներքին լիբանանեան առումով իր առաջարկը մերժուած էր բազմաթիւ քաղաքական ուժերու կողմէ: «Բայց եւ այնպէս իմ առաջարկս մերժող քաղաքական նոյն ուժերուն ներկայացուցիչները փաթեթային այդ համաձայնութեան իրենց հաւանութիւնը յայտնեցին Տոհայի մէջ», ընդգծեց Պըրրի:


