Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին պատասխանատուութիւնը ինք կամ կառավարութիւնը չեն կրեր` աւելցնելով, որ կայ խորհրդարան մը, որ պէտք է իր պարտականութիւնը կատարէ եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրէ:
Քըրըմ նկատել տուաւ, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն տրուած յաւելումները դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարներէն չէ, որ պիտի տրամադրուի, այլ` պիտի կեդրոնանայ գանձումներու վրայ:
Անդրադառնալով համացանցի ապօրինի ծառայութիւնը զսպելու մասին մշակուած նոր օրինագիծին` Քըրըմ յայտնեց, որ այդ օրէնքին գործադրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ պետական գանձարկղին 60 միլիոն տոլար ապահովել:
Ասմար. «Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը
Կը Զօրակցի «Օժերօ»-ի Պաշտօնեաներուն Իրաւունքներուն»
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն պարագային ամսական աշխատավարձերու հարց գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ պետական ամավարկին մէջ ճշդուած գումարները անբաւարար են «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն համար:
Ասմար շեշտեց, որ այդ հարցը պէտք է անմիջական լուծում ստանայ` «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրայտիէի, նախարարի պաշտօնակատար Քըրըմի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի միջեւ խորհրդակցութեամբ:
Ասմար զգուշացուց, որ այս տագնապը կրնայ բարդանալ, եթէ ամբողջական լուծում մը կարելի չըլլայ ապահովել: «Գործադուլն ու լարուածութիւնը կրնայ վնաս հասցնել հաստատութեան եւ անոր պաշտօնեաներուն, իսկ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կը զօրակցի «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներու իրաւունքներուն», յայտնեց ան: