Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Ամերիկացիները Չեն Կրնար Լիբանանին Զինադուլ Պարտադրել, Առանց 1949-ի Զինադուլին Մասին Բանակցելու»

March 8, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկացիները Կազայի մէջ զինադուլ կը պահաջեն, սակայն միաժամանակ ծովուն մէջ սննդեղէնի օժանդակութիւն կը նետեն: «Սա կը նշանակէ, թէ բանեցուած միջազգային ճնշումներուն կողքին պատերազմը կը շարունակուի, եւ կարելի չէ զինադուլ պարտադրել: Այդ պատճառով է, որ հզօր Միացեալ Նահանգները անկարող դուրս կու գան», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանին` Ժոմպլաթ շեշտեց նաեւ, որ ամերիկացիները չեն կրնար Լիբանանին զինադուլ պարտադրել, առանց 1949-ի զինադուլին մասին բանակցելու: «Այդ զինադուլը շատ օգտակար կը նկատեմ, եւ այս կեցուածքս յայտնած եմ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնին», ըսաւ ան:

1949-ի զինադուլին մասին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ անիկա կը պարփակէ երկու երկիրներու սահմաններուն վրայ այդ երկիրներու բանակներուն տեղակայումը: «Իսկ եթէ ամերիկացիներն ու իսրայէլացիները կը փափաքին, որ Հըզպալլայի մարտիկները 10-12 քմ հեռանան դէպի Լիթանիի հիւսիսը եւ հոն տեղակայուին, ապա այս պարագային` իբրեւ Լիբանանի պաշտպանութեան համակարգի տարր, Հըզպալլայի իրաւունքն է պահանջել, որ իսրայէլացի զինուորները եւս հեռանան եւ վերջ տան ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանի դէմ իրենց բռնարարքներուն եւ ոտնձգութիւններուն, մինչեւ որ զինադուլը գործադրուի: Այս բոլորը անշուշտ պէտք էր ծրագրել եւ համակարգել լիբանանեան պետութեան հետ», յայտնեց ան:

Լիբանանի դէմ պատերազմը ընդարձակելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ ամերիկացիները իսրայէլեան կեցուածք կ՛արտայայտեն: «Ամերիկացիները մտահոգ են իսրայէլացիներով, յատկապէս անոնցմով, որոնք իրենց բնակարանները լքած են: Նոյն կերպով մենք մտահոգ ենք այն 100 հազար լիբանանցիներով, որոնք ստիպուեցան լքել հարաւային Լիբանանը եւ հեռանալ իրենց գիւղաքաղաքներէն, որոնք քանդուեցան իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով: Պէտք է հարցերը երկու կողմէն դիտել», շեշտեց Ժոմպլաթ:

Լայնածաւալ պատերազմը կանխարգիլելու համար պէտք է սկսիլ 2006-էն: «Յուլիսեան պատերազմէն ետք կատարուած իրողութեան առջեւ դրուեցանք, եւ որդեգրուեցաւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը, իսկ այսօր ամերիկացիները կը պահանջեն գործադրել այդ բանաձեւը եւ լիբանանեան բանակը տեղակայել հարաւային Լիբանանի մէջ: Մենք այս կէտին շուրջ համաձայն ենք իրարու հետ:

Այս առումով Հոքշթայնին հարց տուի, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ պիտի կարենա՞ն լիբանանեան բանակին նիւթական յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել. ան պատասխանեց ըսելով. ներկայիս կարելի չէ Քոնկրեսէն նման բան պահանջել: Թէ ինչո՞ւ. չեմ գիտեր, սակայն շատ տարօրինակ կը գտնեմ», ըսաւ ան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Ելեւմտական Տագնապի Հետեւանքներուն Լուծման Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.