ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ի վերջոյ պիտի կարենայ թշնամիին արմուկը ոլորել եւ յաղթել անոր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ առաջնահերթութիւնը այն է, որ արաբ ժողովուրդը իր բոլոր կարողութիւնները օգտագործէ կասեցնելու համար պաղեստինցիներուն եւ լիբանանցիներուն դէմ մղուած պատերազմը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը կրցաւ իրականացնել այնպիսի օրինագիծ մը, որ ուղղակիօրէն կապուած է առողջապահութեան մարզի ապօրինի շահերուն դէմ պայքարելու:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Դիմադրութեան առանցքը պիտի չկարենայ հանրապետութեան նախագահ պարտադրել` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ Ազգային չափաւորական պլոքի նախաձեռնութեան համաձայն կեցուածքը Դիմադրութեան մօտ իրարանցում յառաջացուցած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազենը եւ Միջազգային Կարմիր Խաչի շրջանային տնօրէն Ֆապրիզիօ Քարպոնին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանը զոհել Իրանի քաղաքականութիւններուն համար: Ան հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական մագլցումները երկիրը դէպի անդունդ կ՛առաջնորդեն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլի պարտութիւնը անխուսափելի է, իսկ ամերիկեան նահանջը շրջանէն արդէն իսկ վճռուած է եւ միայն ժամանակի կը կարօտի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է ամէն տեսակի մագլցումներու, ինչպէս նաեւ պատրաստ է հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բռնարարքներուն հետքերը մաքրելու եւ վերաշինութեան սկսելու: