Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու պատերազմական զարգացումները, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական շարք մը հարցեր:
Պըրրի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական տագնապը:
Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ ինք ողջունած է Պըրրիի ջանքերը ներքին լիբանանեան իմաստով հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար:
Ան ընդգծեց, որ մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի դէմ իր բռնարարքները, Պըրրի կը ջանայ երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ ազգային համերաշխութիւնը պահպանելու առումով հաւասարակշռութիւնը պահպանել:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` Խազեն կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն խորհրդակցելու եւ համաձայնութիւն գոյացնելու, որովհետեւ միայն խորհրդակցելով է, որ կարելի պիտի ըլլայ նախագահական դատարկութեան փուլին վերջ մը դնել, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել, որ ոչ ոք իրաւազրկուի: