Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակը Դարձեալ Ռմբակոծեց Պեքաան

March 25, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը շաբաթ կէս գիշերին եւ երէկ դարձեալ ռմբակոծումներու թիրախ դարձուց Պեքաան:

Շաբաթ կէս գիշերին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Պաալպեքը:

Ռմբակոծումները պատճառեցին երեք վիրաւորներ:

Ի պատասխան Պաալպեքի ռմբակոծումին, Դիմադրութիւնը կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերուն «Քաթիուշա» տիպի աւելի քան 60 հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Եոաւ դիրքն ու Քայլաա զօրանոցը, ուր իսրայէլեան «Կոլանի» ընտրանի ջոկատը մարզումներու կ՛ենթարկուէր: Ռմբակոծումները արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ եւ պատճառեցին նիւթական եւ մարդկային վնասներ:

Երէկ կէսօրին իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց արեւմտեան Պեքաայի Սուէյրի շրջանին մէջ գտնուող ինքնաշարժ մը: Ռմբակոծումին պատճառով զոհուեցաւ սուրիացի քաղաքացի Մահմուտ Ռահըպ:

Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով, հրետանիներով եւ կործանիչներով ռմբակոծեցին Քֆարքիլա, Ատայսէ, Սլուքի հովիտ, Այթա Շաապ, Ռամիա, Նաքուրա եւ Ռըմէյշ շրջանները:

Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին Զըրհիթ եւ Տովիւ բնակեցման վայրերուն մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներով բնակուած երկու շէնքեր եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռամիմ զօրանոցը, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող զոյգ սարքերով թիրախ դարձուց պողպատեայ գմբէթի երկու հարթակները, որոնք կը գտնուին Քֆար Պլոմ իսրայէլեան օդային խարիսխին մէջ:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Ռատար դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցած այն շէնքին դէմ, ուր իսրայէլացի զինուորներ կը գտնուէին:

Հըզպալլայի մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի  հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պայատ Պլիտա դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մալիքիէ դիրքն ու հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբումը:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը եւ քանդեցին հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ռահեպ դիրքը եւ հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Մարժ դիրքը:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Հիւսէյն Ալի Արսլան միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերն Ու Անձնաւորութիւնները Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն Փութինին

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Թուայնացնել Որեւէ Հրատարակութիւն

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.