Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 27, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 6000 լ. ոսկիով, պիւթակազը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1.696.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.734.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.550.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 941.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հսկայ ծրագիրներ ֆինանսաւորելու իմաստով միջազգային շրջափակում գոյութիւն ունի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հաստատեց քրիստոնէական առումով աշխատանքը հաստատ Պքերքէի հովանիին ներքեւ պիտի կատարուի` աւելցնելով, որ զէնքի թղթածրարին լուծումը պիտի ապահովուի պաշտպանութեան ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան հաստատեց, որ իրենք հաստատուն կը մնան իրենց հողին վրայ` իրենց իրաւունքին եւ ազգային արժանապատուութեան համար:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատար Ուասիմ Մանսուրի շեշտեց, որ Լիբանան տարի մը կամ մէկուկէս տարի ունի` երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապին լուծում գտնելու, այլապէս` Լիբանան գոյութենական վտանգի դիմաց պիտի գտնուի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք յայտնեց, որ ցարդ ոչ մէկ յոյսի նշոյլ կայ` հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու իմաստով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ յայտնեց, որ Լիբանանի տարբեր նահանգներուն մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կարելի է կատարել, բացի հարաւային Լիբանանէն: Ան աւելցուց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ նոյն ընտրութիւնները կարելի է կատարել, երբ արտակարգ իրավիճակը վերջ գտնէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փորձէ լիբանանեան պետութեան վերջ դնել: Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան` Պու Ասի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը նեղի մատնուած է իր շահերով, այդ պատճառով ալ ան քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ մօտիկութիւն կը ցուցաբերէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն պահ դրուած գումարներուն պատասխանատուութիւնը պէտք է բաժնել լիբանանեան պետութեան, Կեդրոնական դրամատան եւ դրամատուներուն միջեւ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը դիմագրաւեն ինքնութեան եւ գոյացութեան վտանգ` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն դիմադրելու: Ան նաեւ հաստատեց, որ իրենք պիտի մերժեն Լիբանանի հաշուոյն կատարուելիք որեւէ համաձայնութիւն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ոմանք չեն գիտեր ազգային պատկանելիութեան արժէքը, որուն տուրքը կը վճարեն հարաւային Լիբանանի բնակիչները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ պարտութիւն կրած Իսրայէլը աւելի դիւրաբեկ է, քան իր նախապայմաններուն պարտադրումն ու Լիբանանի դէմ իր սպառնալիքներուն գործադրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ տեղի ունեցած Աւագ շաբթուան համերգին առիթով արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան դէմ ոտնձգութիւն գործուած է եւ պետութիւնը առեւանգուած: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կայ քաղաքական ուժ մը, որ երկիրը կը մղէ դէպի ամէնէն վտանգաւոր պատերազմը, ինչպէս նաեւ կը խանգարէ ճշմարտութիւնն ու հանրապետութեան նախագահութիւնը` գործակցելով փտածներուն հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած ապահովական զարգացումները:

Նախորդը

Պորթնիքով. «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ին Մէջ Կատարուածին Ետին Կանգնած Են Ուաշինկթընը, Լոնտոնն Ու Քիեւը»

Յաջորդը

Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Շարունակեն Ցաւակցութիւն Յայտնել

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.